Խորհրդակցութեան ներկայ եղած են Արագածոտնի մարզպետ Սարգիս Սահակեանը, Ջրային տնտեսութեան պետական կոմիտէի նախագահի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Գագիկ Խաչատրեանը, Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարի տեղակալ Սամուէլ Գալստեանը, նախարարութեան գիւղատնտեսական ծրագիրներու իրականացման գրասենեակի տնօրէն Գագիկ Խաչատրեանը եւ այլ պաշտօնատար անձեր:
Նախարար Սերգէյ Կարապետեան իր խօսքին մէջ նշած է, որ 2014 թուականին մարզի երկրագործական ոլորտին մէջ արձանագրուած են դրական փոփոխութիւններ: Մասնաւորապէս, մարզին մէջ առկայ 54,149,9 հեկտար վարելահողերէն, 2014ի տուեալներով, մշակուած է 37,991 հեկտար: Նախորդ տարուան ընթացքին մարզին մէջ զգալի աճ արձանագրուած է նաեւ կենդանական ծագման մթերքներու արտադրութեան քանակի բարձրացման առումով։ Միսի արտադրութեան ծաւալները 2014 թուականին, նախորդ տարուան հետ բաղդատելով, աւելցած են 5.8 տոկոսով, կաթինը՝ 5.9 տոկոսով, ձուինը՝ 5.2 տոկոսով, որ հիմնականին մէջ պայմանաւորուած է մարզին մէջ իրականացուող պետական աջակցութեան ծրագիրներու արդիւնաւէտութեամբ:
Նախարարը ընդգծած է, որ այսօր գիւղացիական փոքր տնտեսութիւններու հզօրացման միակ ուղին միաւորումներու եւ համագործակցականներու ստեղծումն է՝ այդ պարունակին մէջ կարեւոր նկատելով գիւղատնտեսութեան նախարարութեան կողմէ եւ Համաշխարհային դրամատան աջակցութեամբ «Համայնքների գիւղատնտեսական ռեսուրսների կառավարման եւ մրցունակութեան» ծրագիրի (CARMAC, 2011-2016 թթ.) իրականացումը:
«Մեր երկրի գիւղատնտեսութեան զարգացման միակ ուղին կօօպերատիւների զարգացումն է, եւ պետութիւնն օժանդակում է այս հարցում գիւղտեխնիկայի, խորհրդատուութիւնների եւ հնարաւոր այլ միջոցներով : Շուտով մեկնարկելու է CARMAC 2 ծրագիրը, որը նոյնպէս կը նպաստի գիւղատնտեսական կօօպերատիւների զարգացմանն ու ընդլայնմանը», նշած է Սերգէյ Կարապետեան։
Նախարարը նաեւ յիշեցուցած է, որ 2014 թուականին մարզի Արտաշաւան համայնքին մէջ բացուած է անասնաբուժական եւ գիւղատնտեսական սպասարկման կեդրոն՝ ընդգծելով հետագային այլ համայնքներու մէջ նմանատիպ կեդրոններու գործարկման անհրաժեշտութիւնը:
Նախարարը տեղեկացուցած է, որ ընթացիկ տարուան ընթացքին եւս հանրապետութեան մէջ պիտի շարունակուին պետական աջակցութեան ծրագիրները, եւ սերմացուն, պարարտանիւթն ու վառելանիւթը գիւղացիներուն պիտի տրամադրուին նախորդ տարուան պայմաններով. անոնց գինը, անկախ տոլար-դրամ յարաբերակցութեան փոփոխութենէն, պիտի մնայ անփոփոխ:
æրային տնտեսութեան պետական կոմիտէի նախագահի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Գագիկ Խաչատրեան իր կարգին տեղեկացուցած է, որ՝ ի տարբերութիւն նախորդ տարիներուն, 2015 թուականին æՕԸերուն առջեւ շատ սեղմ ժամկէտներ ճշդուած են՝ համակարգը արդէն իսկ 1 Մարտին ոռոգման եղանակին պատրաստելու համար: «Ընթացիկ տարում մարզում նախատեսւում է գոյքագրել բոլոր չշահագործուող խորքային հորերը՝ անհրաժեշտութեան դէպքում դրանք նոյնպէս աշխատունակ վիճակի բերելու եւ ջրի յաւելեալ պաշարներ ապահովելու համար», աւելցուցած է ան:
Խորհրդակցութեան աւարտին, գիւղատնտեսութեան զարգացման առումով ունեցած նշանակալի աւանդին եւ բեղմնաւոր աշխատանքին համար գիւղատնտեսութեան նախարարութեան «Գիւղատնտեսական նուաճումների համար» ոսկէ մետալով պարգեւատրուած է Կարբի համայնքի ղեկավար Կարօ Բաղդասարեանը, իսկ ոլորտի խումբ մը այլ ներկայացուցիչներու յանձնուած են շնորհաւորագիրներ։
Այցելութեան աւարտին նախարարը հետեւած է մարզի քանի մը համայնքներու մէջ ներտնտեսական ցանցերու մաքրութեան եւ վերանորոգման աշխատանքներուն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.