«Հակառակ Ցեղասպանութեան՝ անոնք այստեղ են: Անոնք պահպանած են իրենց ինքնութիւնը, մշակութային արժէքները՝ եւ այդ բոլորը կը փոխանցեն սերունդներուն», յայտարարեց Արժանթինի եւ Լատինական Ամերիկայի ժողովրդական երգերու ամենակարեւոր փառատօնի ներկայացուցիչը:
«Սկիզբէն իսկ մարդիկ կապ կը պահէին մեզի հետ: Երբ կը խօսէինք Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, ժողովուրդը կը միանար մեզի: Մենք կ՛ըմբռնենք եւ կը գնահատենք համերաշխութեան այդ զգացողութիւնը», կը յայտնէ «Գուսան» խումբի ղեկավար Էնրիքէ Աւագեան:
Ներկայացման աւարտին, խումբը նուագեց երկրի ժողովրդական շարք մը երգեր՝ հայկական նուագարաններով:
Փառատօնը պիտի շարունակուի ինը օր՝ համախմբելով ցամաքամասի ամենակարեւոր ժողովրդական երգերու երաժշտահաններն ու խումբերը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.