ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Հատում» (The Cut) ժապաւէնի ազգութեամբ թուրք բեմադրիչ Ֆաթիհ Աքին 30 Յունուարին այցելած է Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան, ծանօթացած հոն ներկայացուող ժամանակաւոր ցուցադրութեան: Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրին մէջ ան յարգանքի տուրք մատուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
15,5 միլիոն եուրօ պիւտճէով եւ 138 վայրկեան տեւողութեամբ «Հատում» ժապաւէնի նկարահանումները սկսած են Մարտ 2013ին եւ կատարուած են Յորդանանի, Գերմանիոյ, Քուպայի եւ Մալթայի մէջ: Ժապաւէնը իրականութիւն դարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնները համակարգող պետական յանձնաժողովին աջակցութեամբ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.