
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիք «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ գրած է, որ ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի երկայնքով անօդաչու թռչող սարքերու օգտագործումը սադրանք է, եւ կոչ ուղղած է կողմերուն՝ նուազեցնելու լարուածութիւնը։
Նախապէս Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան անդրադարձած էր ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու տարածած տեղեկատուութեան, թէ հայկական անօդաչու սարք մը վար առնուած է՝ գրելով. «Մենք գիտենք, որ Ատրպէյճանին շատ պէտք են յաղթանակներ, նոյնիսկ՝ յօրինուած, այնքան, որ անոնք երազի մէջ անօդաչու սարքեր կը տեսնեն։ Մեր հաւաստի տուեալներով՝ ատրպէյճանական կողմը վար առած է սեփական անօդաչու սարքը»։