ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– «Սփիւռքի նախարարութիւնն ամէնօրեայ կապի մէջ է «Սիրիահայութեան շտապօգնութեան մարմնի» ներկայացուցիչների, մասնաւորապէս՝ Բերիոյ թեմի մամլոյ քարտուղար, Սիրիայի Հայ առաքելական, Հայ կաթողիկէ եւ Հայ աւետարանական համայնքների ընդհանուր խօսնակ Ժիրայր Ռէյիսեանի, Դամասկոսում Հայաստանի դեսպան Արշակ Փոլատեանի եւ Հալէպում Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեանի հետ, տեղեակ է Սիրիայի հայաշատ քաղաքներում տիրող իրավիճակի մասին»: Այդ մասին «Ազատութեան» հարցումին ի պատասխան ըսած է սփիւռքի նախարարութեան մամուլի եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը:
Այս առիթով հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն՝ ներկայ դրութեամբ Սուրիոյ մէջ պատերազմական իրավիճակի պայմաններուն մէջ կը շարունակուին կազի, ելեկտրականութեան եւ ջուրի մատակարարման դժուարութիւնները, մնայուն անջատումները, իսկ համացանցի կապը կ՛ընդհատուի եւ կը վերականգնուի։ Սուրիոյ բնակիչներու համար կենցաղային պայմանները դժուարացած են սաստիկ ցուրտերուն եւ ձիւնին պատճառով։
«Սիրիայում բնակուող հայերին տրամադրուող նիւթական օգնութիւնը կրում է շարունակական բնոյթ եւ իրականացւում է «Սիրիահայութեան շտապօգնութեան մարմնի»՝ տարբեր քաղաքներում գտնուող մասնաճիւղների կողմից: Հայաստանի սփիւռքի նախարարը դիմել է համահայկական, հոգեւոր, բարեգործական կազմակերպութիւններին՝ Սիրիայում բնակուող մեր հայրենակիցներին տրամադրուող օգնութիւնը շարունակելու եւ հնարաւորութեան դէպքում ծաւալները մեծացնելու համար», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.