«Արցախփրէս»ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին վիճակահանութիւնը շահած քաղաքացի Անդրանիկ Պօղոսեան, որ շահած է թութի օղիի պարունակութեամբ թութի փայտէ 30 լիթրնոց տակառ, ըսած է, թէ տոմսը գնելու ատեն չէ մտածած, որ կրնայ շահել, սակայն ուրախ է, որ շահած է, եւ այս տարի եւս պիտի մասնակցի խաղարկութեան:
Ստեփանակերտի բնակիչ Աշոտ Սարգսեան, որ արցախեան զարդանախշերով գորգ շահած է, նշած է, թէ նախաձեռնութիւնը շատ գոհացուցիչ է իր ընտանիքի անդամներուն համար, քանի որ անիկա նաեւ կը նշանակէ վերականգնել ազգային հարուստ աւանդութիւնները: «Մենք շարունակելու ենք գնել Ազգային վիճակախաղի տոմսեր, այնքան ժամանակ, մինչեւ որ բնակարան շահենք եւ այս սիրուն գորգը կախենք այդ բնակարանում», ժպտալով ըսած է Ա. Սարգսեան:
«Արցախի ազգային վիճակախաղ»ի տնօրէն Ալեքսանդր Արզումանեան «Արցախփրէս»ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ նուէրներու յանձնման առաջին հանգրուանին մասնակցած են Արցախի 8 քաղաքացիներ, որոնցմէ մէկը շահած է երկու գորգ: «Երկրորդ փուլը տեղի կ՛ունենայ Երեւանում, որտեղ կը յանձնենք 71 շահումներ: Այնուհետեւ փուլ առ փուլ կը սկսենք բաժանել մնացած շահումները», ըսած է Ա. Արզումանեան՝ աւելցնելով, որ շահողներ եղած են Միացեալ Նահանգներէն, Հարաւային Ամերիկայի երկիրներէն, Լիբանանէն, Իրանէն, Ֆրանսայէն, Ռուսիայէն եւ Կիպրոսէն։
Արզումանեանի համաձայն՝ նախորդ տարի վիճակախաղի մրցանակային ֆոնտը, ընդհանուր առմամբ, կազմուած էր 350 նուէրէ. արցախեան արտադրութեան գորգեր, թութի օղիի պարունակութեամբ եւ թութի փայտէ պատրաստուած 20 եւ 30 լիթրնոց տակառներ եւ մէկ բնակարան Ստեփանակերտին մէջ, որուն շահողը, ի դէպ, արդէն յայտնի է, եւ ան Իրանի քաղաքացի է, սակայն անուն մականունը տակաւին չէ ճշդուած:
«2013թին՝ վիճակախաղի ստեղծման առաջին տարում, իրացուել են 261,505 տոմսեր, իսկ անցած տարի՝ 141,749 տոմսեր: Սպառուած տոմսերի քանակի նուազման հիմնական պատճառը, մեր կարծիքով, ստեղծուած արտարժոյթի ճգնաժամն էր, քանի որ, օրինակ, Ռուսաստանում ռուբլու կուրսը իջաւ, իսկ դոլարինը՝ բարձրացաւ: Եւ քանի որ վիճակախաղի տոմսերը վաճառւում էին դոլարով , մէկ տոմսի արժէքը այդ տատանումներից գրեթէ երկու անգամ բարձրացաւ», ըսած է Ա. Արզումանեան՝ յոյս յայտնելով, որ այս տարի աւելի մեծ յաջողութիւններ կ՛արձանագրուին, քանի որ վիճակախաղէն գոյացած հասոյթը կրկին պիտի տրամադրուի վերաբնակեցման ծրագիրին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.