ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 18ին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան այցելեց Մոնթեպելլոյի Մեսրոպեան Ազգ. վարժարան, Նոր Տարուան ու Ս. Ծննդեան իր բարեմաղթութիւնները փոխանցելու համար տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին ու աշակերտութեան։
Սրբազանին կ՛ընկերանային Ս. Խաչ Մայր տաճարի հոգեւոր տեսուչ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան եւ հոգեւոր հովիւ Աշոտ քհնյ. Գամպուրեան։ Ներկայ էին նաեւ թեմի հոգեւորականաց դասու երէց անդամներէն Նարեկ Ա. քհնյ. Շրիքեան եւ բարերարներ Գոհարիկ Կապրիէլ եւ Զապէլ Իգնատոսեան։
Առաջնորդ սրբազանը եւ ընկերակցող եկեղեցականները դպրոցի մուտքին դիմաւորուեցան վարժարանի տնօրէն Դաւիթ Ղուկասեանի եւ ուսուցչական կազմի անդամներուն կողմէ, ուր սրբազան հայրը կատարեց աղի ու հացի օրհնութիւն։
Ռան եւ Գոհարիկ Կապրիէլ մանկամսուրի այցելութենէն ետք, վարժարանի սրահին մէջ առաջնորդ սրբազանը աշակերտներուն կողմէ հիւրընկալուեցաւ Ամանորի ու Ս. Ծննդեան տօնական գեղարուեստական գեղեցիկ յայտագիրով մը։
Նարեկ Ա. քհնյ. Շրիքեան սրտառուչ կերպով փոխանցեց պատմական եւ անձնական վկայութիւն մը։
Մեսրոպեան վարժարանի պաշտօնէութեան ու աշակերտութեան կողմէ ողջոյնի խօսք արտասանեց տնօրէնը, որուն ընթացքին ան շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազան հօր, իր այցելութեան եւ յարատեւ հոգածութեան համար։
Աւարտին, առաջնորդ սրբազանը գնահատեց յայտագիրը, կրկին անգամ շնորհաւորեց զոյգ տօնական առիթները, ինչպէս նաեւ իր իւրայատուկ պատգամը փոխանցեց Ցեղասպանութեան 100ամեակի սեմին։ Սրբազան հայրը բոլորին մաղթեց առողջութիւն եւ երջանկութիւն, իսկ «Մեսրոպեան»ին՝ բարեբեր ու բեղուն տարի մը։ Ապա, առաջնորդ սրբազանը եւ ընկերակիցները տնօրէնութեան ճաշի հիւրը եղան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.