
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- «Ակօս» թերթի խմբագիր Հրանդ Տինքը սպաննած Օկիւն Սամասթը յայտնած է, որ Տինքի սպանութեան մէջ պատասխանատու են երկու նախկին ոստիկանապետներ:
Ըստ «Diken»ի՝ Սամասթ սպանութեան գլխաւոր պատասխանատուները համարած է Տրապիզոնի նախկին ոստիկանապետ Ռամազան Աքիւրեքն ու Պոլսոյ ոստիկանութեան հետախուզութեան նախկին պետ Ալի Ֆուատը:
«Անոնք ինծի ստիպեցին սպանութիւն կատարել: Եթէ իմ խօսքերու ճշմարտացիութիւնը բացայայտուի, սպանութեան իսկական պատասխանատուները կը յայտնաբերուին», ըսած է մարդասպանը:
Ան խոստովանած է, որ սպանութիւնը հրահրողներէն Եասին Հայալըն իրեն վստահեցուցած էր, որ 10 տարուան բանտարկութեան կ՛ենթարկուի, սակայն 4-5 տարիէն ազատ կ՛արձակուի:
Ըստ Սամասթի՝ իրեն տուած են հետեւեալ ցուցմունքը. «Ուղիղ կը կրակես. այդ կ՛ըլլայ մեր ստորագրութիւնը»:
Յիշեցնենք, որ Սամասթ Նոյեմբեր 17ին դիմած էր Տինքի սպանութիւնը հետաքննող դատախազին։ Ան Դեկտեմբեր 5ին ցուցմունք տուած էր: