ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Էյ.Փի.».- Ուրբաթ, Նոյեմբեր 21ին, Արեւմտեան ափի եւ Երուսաղէմի մէջ բողոքի ցոյցերն ու պաղեստինցի ցուցարարներու եւ իսրայէլացի ոստիկաններու միջեւ բախումները շարունակուեցան, մինչ կացութիւնը զսպելու քայլեր կ՛որդեգրուէին։
Արդարեւ, Իսրայէլի ոստիկանութիւնը յայտարարեց, թէ ամէն տարիքի իսլամներ կրնան մասնակցիլ մզկիթներու մէջ Ուրբաթ օրուան արարողութեանց: Նախապէս արգիլուած էր յիսուն տարեկանէն վար տղամարդոց մասնակցիլ նման արարողութեանց՝ ապահովական պատճառներով: Սակայն, իսրայէլեան իշխանութիւնները միաժամանակ դիւրացուցին իսրայէլացիներուն զէնք կրելու արտօնագիրի պայմանները:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան ապահովական «Շապաք» մարմինի աղբիւրները յայտնեցին, թէ երեք պաղեստինցիներ ձերբակալուած են Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրմանի դէմ մահափորձ կազմակերպելու յանցանքով: Նոյն աղբիւրները յստակացուցին, թէ երեք պաղեստինցիները կը ծրագրէին փոքր հրթիռներով ռմբակոծել Լիպըրմանի բնակարանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.