ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան կ՛ուզէ սրբագրել ոչ իշխանական ուժերուն ներկայացուցած 12 կէտերուն վերաբերեալ կառավարութեան պատասխանը եւ ցոյց տալ, որ պէտք չէ անտեսել ոչ իշխանական ուժերուն բարձրացուցած հարցերը: Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին արտայայտուած է Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանը՝ անդրադառնալով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի այն յայտարարութեան, թէ ինք կառավարութեան առաջարկած է կրկին անդրադառնալ ոչ իշխանական ուժերու 12 կէտերուն: «Դա լաւ նշան է, որ հանրապետութեան նախագահը կրկին առաջարկել է անդրադառնալ այդ 12 կէտերին, որովհետեւ այդ կէտերում շատ լուրջ հարցեր են բարձրացուած, եւ լաւ է, որ նախագահն էլ այդ լրջութիւնն արձանագրում է», նշած է Ռուստամեան:
Ան ընդգծած է, որ կառավարութիւնը պատասխանած է իրենց ներկայացուցած 12 կէտերուն, ինչ որ, սակայն, ոչ իշխանական ուժերը չէ գոհացուցած: Անոր համաձայն՝ այս պարագային նախագահը արձանագրած է, թէ հարկաւոր է, որ կէտերէն իւրաքանչիւրին հանգամանալից եւ ամբողջական պատասխան տրուի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.