
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 16 Նոյեմբերին հանդիպում ունեցած է ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքի հետ՝ քննարկելով իրավիճակը Ատրպէյճանի հետ շփման գիծին մէջ։
Ըստ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի մամլոյ ծառայութեան՝ անդրադառնալով վերջերս ուսումնավարժական թռիչք կատարող ուղղաթիռը հարուածելու միջադէպին՝ նախագահ Սահակեան Ատրպէյճանի գործողութիւնները որակած է ստոր եւ ապակառուցողական: Ան ընդգծած է, որ Ատրպէյճանի նման պահուածքը կը վտանգէ կայունութեան ու խաղաղութեան պահպանումը տարածաշրջանին մէջ եւ կը խոչընդոտէ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի միջնորդական ջանքերը:
Սահակեան կարեւոր նկատած է Ատրպէյճանի գործողութիւններուն միջազգային հանրութեան խիստ եւ հասցէագրուած գնահատականի անհրաժեշտութիւնը՝ միաժամանակ նշելով, որ նման սադրիչ գործողութիւններ անպատասխան պիտի չմնան:
Մինչ այդ 16 Նոյեմբերին նախագահ Սահակեանի բանբեր Դաւիթ Բաբայեան լրագրողները տեղեկացուցած էր, որ Երկուշաբթի կամ Երեքշաբթի Անճէյ Քասփըրչիք պիտի այցելէ ատրպէյճանի կողմէ ջախջախուած ուղղաթիռի անկման վայրը: Ատրպէյճանական կողմը այդ վայրը կը պահէ մնայուն կրակոցներու տակ՝ թոյլ չտալով հայկական կողմին մօտենալ ուղղաթիռին եւ դուրս բերել մարմինները երեք օդաչուներուն, որոնք կը նկատուին զոհուած:
Նախորդ շաբաթ Հայաստանի իշխանութիւնները չէին բացառած, որ անձնակազմի անդամներէն առնուազն մէկը ողջ ըլլայ: Բաբայեան նշած է, որ աշխատանքներ կը կատարուին կրակոցները դադրեցնելու ուղղութեամբ, որպէսզի ԵԱՀԿ պաշտօնեան կարենայ մօտենալ ջախջախուած ուղղաթիռին, եւ հայկական կողմը կարենայ դուրս բերել ուղղաթիռի անձնակազմի անդամները: