ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– æերմուկի մէջ իր աշխատանքներուն սկսած է Գիւղական համայնքներու տարեկան աւանդութեան վերածուած չորրորդ համաժողովը, որուն նպատակը տեղական ինքնակառավարման համակարգի եւ գիւղական համայնքներու արդի խնդիրներու քննարկումն է:
Տարածքային կառավարման նախարարութեան եւ Համայնքներու ընկերակցութեան կազմակերպած համաժողովին կը մասնակցին պետական, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու (ՏԻՄ), մարզերուն մէջ տարբեր ծրագիրներ իրականացնող տեղական եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, փորձագէտներ: Իւրաքանչիւր մարզէն համաժողովին կը մասնակցին տասը համայնքապետներ ու աւագանիի հինգ անդամներ:
Համաժողովին ընթացքին ելոյթ ունեցած է վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան, որ յայտարարած է. «Մենք գիտակցում ենք, որ ապակենտրոնացման ու տեղական ինքնակառավարման հիմնարար սկզբունքների ներդրման համար անհրաժեշտ է հետեւողական աշխատանք եւ քաղաքական կամք: Մենք ունենք այդ կամքը: Ցանկանում եմ հաւաստիացնել ձեզ, որ մենք շարունակելու ենք բարեփոխումների ընթացքը: Դեռ ճանապարհ ունենք անցնելու մեր 866 գիւղական համայնքների բնակչութեան սոցիալական խնդիրները լուծելու, անհրաժեշտ բոլոր պայմանները ստեղծելու համար, սակայն կարեւորն այն է, որ մեր կողմից որդեգրած ուղին ճիշդ է, եւ ես վստահ եմ, որ համատեղ ջանքերով կը հասնենք մեր ընդհանուր նպատակին»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.