ԵՐԵՒԱՆ, «Ռադիօլուր».– Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան յայտարարած է, որ Սահմանադրութիւնը հասարակական համաձայնութիւն է՝ հիմնարար արժէքներու վերաբերեալ: «Այժմ քաղաքական քննարկումների փուլ է, պէտք է նորմալ վերաբերուել, զարգացումները ցոյց կը տան՝ կը լինե՞ն համաձայնութիւններ, թէ՞ ոչ: Հնարաւոր են նաեւ հայեցակարգային մօտեցումներում փոփոխութիւններ՝ ելնելով այդ քննարկումների արդիւնքներից: Նորմալ, բնական գործընթաց է», յայտնած է Գագիկ Յարութիւնեան:
Սահմանադրական դատարանը 24 Հոկտեմբերին Երեւանի մէջ կազմակերպած է եռօրեայ միջազգային խորհրդաժողով: Անիկա 19րդն է Սահմանադրական դատարանին կողմէ նախաձեռնուող համաժողովներու շարքին: Երեւան կը գտնուին աւելի քան 20 երկիրներէ ժամանած սահմանադրագէտներ, իսկ երեք օրերու ընթացքին քննարկուող նիւթը բաւական հետաքրքրական է՝ «Մարդու արժանապատուութեան սահմանադրական կարգավիճակը»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.