Հայկական Ցեղասպանութեան մասին պատմական հակիրճ ակնարկ մը ներկայացնելէ ետք, Պաղտասարեան դրուատեց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու ջանքերուն մէջ Քալիֆորնիոյ իշխանութեանց սկզբունքային կեցուածքը։
Վկայութիւնը ամբողջութեամբ կարելի է կարդալ http://asbarez.com/125808/anca-wr-testifies-in-support-of-armenian-genocide-education-act կայքէջին վրայ։
Յայտնենք, թէ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանը Մայիս 28ին միաձայնութեամբ (77-0) վաւերացուց երեսփոխան Ատրին Նազարեանի եւ Խաչօ Աշաճեանի համահեղինակած «AB 1915» բանաձեւը, որ կը պահանջէ Հայկական Ցեղասպանութեան դասանիւթը ներառել պետական վարժարաններու 7-12 դասարաններու ընկերային գիտութեանց նիւթի դասաւանդութեանց մէջ, ինչպէս նաեւ կոչ կ՛ընէ Քալիֆորնիոյ կրթական նախարարութեան, որ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին հրատարակութիւններ կատարէ եւ դասաւանդման յատուկ նիւթեր պատրաստէ:
Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի Կրթական հարցերու յանձնախումբը Յունիս 18ին վաւերացուց բանաձեւը, որ նաեւ կը քաջալերէ կրթութեան պատասխանատուները, մարդկային իրաւանց վերաբերող նիւթեր դասաւանդելու ընթացքին՝ ներառելու բանաւոր պատմութիւններ՝ Ողջակիզումէն, Հայկական Ցեղասպանութենէն, ինչպէս նաեւ Քամպոտիոյ, Տարֆուրի եւ Ռուանտայի ցեղասպանութիւններէն վերապրողներու յուշերէն:
Հայկական Ցեղասպանութեան դասաւանդման ծրագիրը իրենց դպրոցական կրթական ծրագիրներուն մէջ ներառած են արդէն Ամերիկային 11 նահանգներ՝ Քալիֆորնիա, Ճորճիա, Իլինոյ, Քենսըս, Մեսեչուսեց, Մինիսոթա, Նիւ Ճըրզի, Նիւ Եորք, Օհայօ, Ռոտ Այլընտ եւ Վըրճինիա:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.