Ուրբաթ, Յուլիս 25ին, ամառնային գեղեցիկ երեկոյ մը։ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը անգամ մը եւս հաւաքուած էր իր զօրակցութիւնը յայտնելու եկեղեցւոյ պայծառացման ի նպաստ հովիւին, հոգաբարձութեան ու տիկնանց օժանդակ մարմինին կազմակերպած «Ընտանեկան երեկոյ» ձեռնարկին, եկեղեցւոյ շրջափակը։
Նման ձեռնարկներ արդէն իսկ յաճախակի դարձած են մեր ազգային կեանքէն ներս, եւ եկեղեցւոյ առաքելութեան հաւատացող շրջանակի յաճախակի քաջալերանքը, կարծէք, հոգեկան գոհունակութիւն սկսած է պատճառելու բոլորին. մեր ազգային թէ եկեղեցական կառոյցները ժողովո՛ւրդն է, որ կը պահէ, եւ այդ երեկոյ ձեռնարկին ներկայ գտնուողները ժողովուրդին հարազատ ներակայացուցիչներն էին։
Տիկնանցի անդամները ժպտուն դէմքերով հիրընկալեցին ներկաները, որոնք ուրախ տրամադրութեամբ իրենց տեղերը գրաւեցին։
Ձեռնարկը սկսաւ օրուան հանդիսավար՝ հոգաբարձու Կրեկ Մարթայեանի բարի գալուստի խօսքով, որմէ ետք եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեան կատարեց սեղանի օրհնութիւնը եւ փոխանցեց իր սրտի խօսքը։ Ապա հոգաբարձութեան ատենապետ Լեւոն Արապեան, խօսք առնելով՝ հոգաբարձութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 51ամեակի այս առաջին ձեռնարկը քաջալերելնուն համար։
Ամառնային այդ զով երեկոյին, ներկաները վայելեցին հրամցուած համադամ ճաշերը, իսկ «Continental» նուագախումբի հին օրերը յիշեցնող երգերուն զուարթ մթնոլորտը բարձրացուց բոլորին տրամադրութիւնը։
Օրուան մեծագոյն անակնկալը վիճակահանութեան նուէրն էր՝ 1 oz. ոսկի, որ նուէր էր տէր եւ տիկին Գէորգ եւ Թալին Շաքարեաններուն կողմէ։
Նկատի առնելով, որ այս տարի Տարեցներու Տարին է՝ հանդիսավարը հրաւիրեց ներկաներէն երիցագոյնը՝ ծխական շրջանի ազգային երեսփոխաններէն Հայկազ Թրթռեանը, վիճակաձգութեան համար։
Ան եկեղեցական եւ ազգային կեանքէն ներս ունեցած փորձառութիւններէն ծաղկաքաղ մը ներկայացուց՝ համով-հոտով մէջբերումներով, ապա յայտարարեց շահող թիւը. բախտաւոր ամոլն էր տիկնանցի ատենապետուհի տէր եւ տիկին Հրայր եւ Նենսի Պետիրեանները, որոնք իրենց կարգին, վիճակահանութեան նուէրին համարժէք գումարով նուիրատուութիւն կատարեցին եկեղեցւոյս։
Երեկոն վերջ գտաւ ներկաներու սրտաբուխ նուիրատուութեամբ, իսկ ձեռնարկի աննախընթաց բնոյթն ու յաջողութիւնը գրաւականը հանդիսացան յառաջիկայ ձեռնարկներու յաջողութեան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.