
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ուրբաթ, Յուլիս 25ին, երեկոյեան ժամը 8ին, «Ապրիլ» գրատան մէջ տեղի պիտի ունենայ Ատրպէյճանի պատմութեան նուիրուած հատորի մը անգլերէն օրինակին նուիրուած նեկայացումը՝ հատորը խմբագրած եւ թարգմանած Արա Ղազարեանսի կողմէ։
«The Origins of Azerbaijan & Aran (Caucasian Albania)» հատորին հեղինակն է իրանցի պատմաբան Էնայաթոլլա Ռեզան։
Արա Ղազարեանս Մեսեչուսեցի Հայ մշակութային հիմնարկի թանգարանին պատասխանատուն է։ Ձեռնարկին մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, դիմել Առնօ Երէցեանին՝ (818) 243-4112 թիւով կամ noor@abrilbooks.com հասցէով։ «Ապրիլ» գրատան հասցէն է՝ 415 E. Broadway, Glendale, CA 91205։