ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ոսկրածուծի նուիրատուներու հայկական հիմնարկի 15ամեակի ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Օգոստոս 10ին, երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ, Կլենտէյլի «Հիլթըն» պանդոկի սրահին մէջ (100 West Glenoaks)։
Ձեռնարկին ընթացքին, հիմնարկի «Մարդասիրական Իրագործում» մրցանակը պիտի շնորհուի առաջնորդներ Յովնան արք. Տէրտէրեանին ու Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի աւագ հիւպատոս Սերգէյ Սարգիսովին։
«Ղեկավարման Կատարելագործում» մրցանակին պիտի արժանանան հիմնարկի հիմնադիրներն ու վարչութեան անդամները, իսկ «Տարուան Կամաւորը» մրցանակը պիտի շնորհուի Մարլեն Պազարեանին, Տի Չորլեանին եւ Հրաչ Փոսթիկին։ Նաեւ, «Տարուան Խմբակը» մրցանակը պիտի յանձնուի Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայ շրջանաւարտ ուսանողներու միութեան, իսկ Պատուոյ մրցանակը՝ Հրաչ Ղուկասեանին ու Աշոտ Մանուկեանին։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու կամ տեղեր ապահովելու համար, դիմել (818) 919-2686, (626) 695-9899, (818) 399-6060, (323) 663-3609 թիւերուն կամ abmdrla@sbcglobal.net հասցէին։
Ձեռնարկի գլխաւոր հովանաւորն է «Կլենտէյլ Էտվենթիսթ» բժշկական կեդրոնը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.