ԵՐԵՒԱՆ.– Յակոբ Պարոնեանի անուան կատակերգութեան թատրոնին մէջ 15 Մայիսին վերջին հրաժեշտ տուած են «Ծիծաղի թագուհի»ին՝ Սվետլանա Գրիգորեանին: Իրեն հարազատ այդ թատրոնին մէջ ան մարմնաւորած է աւելի քան 150 դերեր։ Հանդիսատեսը կը յիշէ յատկապէս անոր կատարումները անփոխարինելի խաղընկերոջ՝ Կարպ Խաչուանքեանի հետ: Սվետլանա Գրիգորեան նաեւ հեռուստաթատրոնի հիմնադիրներէն է: Սիրուած դերասանուհիին դագաղը ծափողջոյններու տարափին տակ թատրոնի շէնքէն տարուեցաւ Երեւանի քաղաքային պանթէոն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.