ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Արազ Ազիմով Հինգշաբթի, Մայիս 1ին դարձեալ խիստ քննադատութեան ենթարկած է ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիքը:
Ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատուական գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, ան յայտարարած է, որ Պաքուի մէջ աննկատ չեն մնացած Ուորլիքի արտայայտութիւնները: Ազիմովի պնդումով՝ ամերիկացի համանախագահը այնպիսի մօտեցում կը ցուցաբերէ, որ կարելի է համարել՝ «հակամարտութեան պատմութեան խեղաթիւրում»:
«Պարոն Ուորլիք ի՛նք անոնց կ՛արտօնէ կամայականօրէն մեկնաբանել միջազգային իրաւունքի չափանիշներն ու սկզբունքները, որոնք տագնապի կարգաւորման հիմքը կը կազմեն: Ամերիկացի միջնորդի որոշ արտայայտութիւններ ընդհանրապէս սադրիչ բնոյթ կը կրեն: Ուրիշ անուն կարելի չէ տալ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան սրման հնարաւորութեան մասին անոր կողմէ կարգ մը լուրերու տարածումին: Իսկ անոր այն հարցումը, թէ ի՞նչ դաս կարելի է քաղել Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններէն՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան համար, ապա ընդհանրապէս որեւէ քննադատութեան ենթարկելու արժանի իսկ չէ», յայտարարած է Ազիմով:
«Ուորլիքի նման յայտարարութիւնները կը հակասեն համանախագահներու լիազօրութեանց եւ կը խախտեն վստահութիւնը ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի աշխատանքին նկատմամբ՝ վնաս հասցնելով բանակցային գործընթացին: Ուորլիքի բոլոր յայտարարութիւնները կը վկայեն, թէ ան կը դիմէ գիտակցաբար եւ դիտաւորեալ քայլերու, որոնք ուղղուած են հայկական կողմի շահերու բաւարարման եւ անջատողական գաղափարներու քարոզչութեան: Ամերիկացի դիւանագէտը կը շահագործէ միջազգային իրաւունքի չափանիշներն ու սկզբունքները՝ անտեսելով իր լիազօրութիւնները: Վերեւը նշուածը ատրպէյճանական կողմին կու տայ բոլոր հիմքերը՝ Մինսկի խմբակի ամերիկացի համանախագահի հասցէին անվստահութիւն յայտնելու եւ զայն պաշտօնազրկելու պահանջով ԵԱՀԿի գործող նախագահին դիմելու», աւելցուցած է ան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.