ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Երեքշաբթի, Ապրիլ 8ի երեկոյեան, Թուրքիոյ մէջ պատահեցաւ դէպք մը, որ անբաղձալի հետեւանքներէն մէկն էր շրջանային վերջին ընտրութիւններուն ընթացքին ստեղծուած պայթուցիկ մթնոլորտին: Արդարեւ, գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան պետ Քեմալ Քըլըճտարօղլու, խորհրդարանի շէնքին մէջ նշաւակ դարձաւ իշխող կուսակցութենէն 28 տարեկան անդամի մը յարձակումին՝ բռունցքի ծանր հարուած մը ստանալով: Քըլըճտարօղլուի ակնոցը կոտրեցաւ ու ձախ աչքը դարմանումի տակ առնուեցաւ։
Դէպքը մեծ աղմուկ յառաջացուց եւ նախայարձակը՝ Օրհան Էօվեթ, Չորեքշաբթի օր դուրս դրուեցաւ իշխող կուսակցութենէն:
Յարձակումը տեղի ունցաւ, երբ Քըլըճտարօղլու իր կուսակցութեան երեսփոխանական խմբակի ժողովին մասնակցելու կ՛երթար: Զարմանալի է որ Քըլըճտարօղլուի թիկնապահները չէին կրցած արգելք ըլլալ այսպիսի յարձակումի մը։
Յարձակման առաջին ցնցումէն ետք, Քըլըճտարօղլու խորհրդարանի սրահ մտած է, մինչ անոր կուսակիցները «Քըլըճտարօղլու, վարչապե՛տ» պոռացած են: Իսկ Էօվեթ ոստիկաններուն ըսած է. «Քըլըճտարօղլուն հայրենադաւ մըն է»: Նշենք, որ Էօվեթ Էրզրումէն է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.