
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս-Արցախփրէս».– Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուի Գերմանիա: 2 Ապրիլին պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցած է Գերմանիոյ օրէնսդիր մարմինի կարգ մը երեսփոխաններու հետ, որոնց ներկայացուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պետականաշինութեան գործընթացի առանձնայատկութիւնները: Միեւնոյն ատեն շեշտուած է միջազգային գործընթացներուն Արցախի ներգրաւման կարեւորութիւնը, ինչ որ լուրջ հիմք կրնայ հանդիսանալ ժողովրդավարական արժէքներու եւ ազատութիւններու ամրապնդման: Քննարկուած են նաեւ ատրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման առնչուող եւ տարածաշրջանային բնոյթի շարք մը հարցեր: Խորհրդարանին մէջ կայացած հանդիպումներուն Լեռնային Ղարաբաղի պատուիրակութեան ընկերակցած է Պերլինի Ազատ համալսարանի դոկտորականի թեկնածու, ծագումով արցախցի Անդրանիկ Ասլանեանը:
Նոյն օրը երեկոյեան Պերլինի Լիխտըմպըրկ թաղամասի եկեղեցւոյ կից գործող սրահին մէջ տեղի ունեցած է Արցախի խորհրդարանի նախագահին հանդիպումը հայկական համայնքային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ: Դիմելով ներկաներուն՝ Աշոտ Ղուլեան արցախցիներուն անունով շնորհակալութիւն յայտնած է գերմանահայ համայնքին՝ Լեռնային Ղարաբաղին նկատմամբ ցուցաբերուող մնայուն օգնութեան եւ աջակցութեան համար եւ պատմած է վերջին տարիներուն Արցախի քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային ոլորտներուն մէջ իրականացուած բարեփոխումներուն, արձանագրուած յաջողութիւններուն մասին: Հանդիպման աւարտին՝ ի նշան երախտագիտութեան, Պերլինի հայկական եկեղեցական եւ մշակութային համայնքը, Պերլինի հայ համայնքը եւ Հայ ու եւրոպացիմասնագէտներու միութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահին կողմէ պարգեւատրուած են Արցախահայութեան ազգային-ազատագրական պայքարի՝ ղարաբաղեան շարժման 25ամեակի յուշամետալով: