ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ռադիօլուր».– «Այս փուլում Արցախի համար ճանաչել-չճանաչելու հարցն այնքան էլ կարեւոր չէ, առաւել կարեւոր է «ճիշդ պետական շինարարութիւնը, ճիշդ երկիր կառուցելը», յայտարարած է Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետ Արա Յարութիւնեանը Շահումեանի շրջանի Նոր Գետաշէն գիւղին մէջ՝ պատասխանելով գիւղացիներուն այն հարցումներուն, թէ ինչո՛ւ Ղրիմը կրնայ հանրաքուէով միանալ Ռուսիոյ, իսկ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կայացած հանրաքուէի արդիւնքները չեն ճանչցուիր:
Շահումեանի շրջանի բնակիչներուն հետ կայացած հանդիպումներուն ընթացքին 18 Մարտին աւելի շատ կը խօսուէր տնտեսական եւ ընկերային խնդիրներուն մասին: Վարչապետ Արա Յարութիւնեանի համաձայն՝ ասիկա կը վկայէ այն մասին, որ ժողովուրդը զարգացման նպատակով կատարուած քայլերուն շնորհիւ վստահութիւն ձեռք բերած է Նոր Շահումեանի շրջանի քաղաքական ճակատագիրին հանդէպ:
Հակառակ շրջանին մէջ իրականացուած քայլերուն՝ այսօր ալ բազմաթիւ խնդիրներ կան: Ամէնէն կարեւորներու կարգին են ենթակառուցուածքները եւ բնակիչներուն ընկերային–կենցաղային պայմանները: Նոր վերաբնակիչներ կարելի չէ ընդունիլ՝ բնակարանային պայմաններուն պատճառով: Նոր Գետաշէնի համայնքի ղեկավար Ալեքսանդր Նազարեանի համաձայն՝ բնակարանը երիտասարդներուն ընտանիք կազմելու հիմնական խոչընդոտներէն է:
Հարցը միայն Շահումեանի շրջանի գիւղերուն չի վերաբերիր: Վարչապետին համաձայն՝ նոր բնակարանային ծրագիրներ կը նախատեսուին: Արտօնեալ պայմաններով վարկային միջոցներ, նաեւ պետական դրամաշնորհներ պիտի ստանան գիւղերուն մէջ նոր տուն կառուցողները: Այս ծրագիրը նաեւ Շահումեանի շրջանին մէջ պիտի գործադրուի։
Շրջանի զարգացման համար նոր հեռանկարներ կան, Վարդենիս- Մարտակերտ մայրուղին եւ Վարդենիս-Հաթերք բարձրավոլթ ելեկտրականութեան մատակարարման գիծ պիտի ապահովուի: Երկու նախագիծերն ալ, որոնք կարեւոր են երկու հայկական հանրապետութիւններուն համար, շրջանի բնակչութեան համար նաեւ զուտ կենցաղային հարցեր պիտի լուծեն: Շահումեանի շրջանը, ուր այսօր կայուն ելեկտրականութեան մատակարարումը խնդիր է, յառաջիկային ինք պիտի ըլլայ ելեկտրականութեան մատակարարման աղբիւր: Մարտակերտ- Վարդենիս մայրուղիի շինարարութեան զուգահեռ նաեւ պիտի կառուցուի այլ ուղի մը, որ Վարդենիսի շրջանին պիտի կապէ Քարվաճառ քաղաքը շրջակայ գիւղերով:
Շահումեանի շրջանին մէջ այսօր ապրողներուն մեծ մասը նախկին Շահումեանի եւ Գետաշէնի շրջանի գիւղերէն են, որոնք տակաւին վերադարձի յոյս ունին: Որեւէ իրադարձութիւն, որ Արցախի քաղաքական ճակատագիրին հետ կրնայ առնչութիւն ունենալ, այստեղ այլ ձեւով կ՛ընդունուի։ «Ինչո՞ւ միւսների ինքնորոշումը ճանաչում են, մերը՝ ո»չ, հարց տուած են անոնք՝ ակնարկելով Ղրիմի մէջ կատարուածին: «Մենք շարունակում ենք աշխատանքները, քաղաքական կոնսուլտացիանները Արցախի ճանաչման ուղղութեամբ: Ժամանակը կը գայ եւ միջազգային հանրութիւնը կը ճանաչի եւ Արցախի ինքնորոշումը, եւ նրա անկախ պետականութիւնը», քսաներկու տարի առաջ իրենց հայրենի գիւղերը լքած գետաշէնցիներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է Արցախի վարչապետը:
Արա Յարութիւնեանի համաձայն՝ այսօր ամէնէն կարեւորը ուժի գործօնն է, եւ Արցախի այսօրուան սթաթիւս-քուօն եւ զարգացումները պայմանաւորուած են բանակի մարտունակութեամբ եւ երկրի տնտեսական զարգացմամբ: «Պէտք է մտածենք մեր երկրի զարգացման մասին», յայտնած է Արցախի կառավարութեան ղեկավարը՝ աւելցնելով, որ հարցի քաղաքական լուծումը անկէ կախեալ պիտի ըլլայ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.