
ՆՈՐԹՐԻՃ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղին (CSUN) մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրի նախաձեռնութեամբ, Հայկական Ցեղասպանութենէն վերապրողներուն եւ հիւսուած արուեստին նուիրուած գիտաժողով մը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Մարտ 29ին, համալսարանի «Օվիաթ» գրադարանին մէջ, կ.ե. ժամը 1-5:
Ձեռնարկի համահովանաւորներն են Հայկական գորգի ընկերակցութիւնը եւ Լոս Անճելըսի Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման միացեալ մարմինը:
Գիտաժողովին նպատակն է Հայկական Ցեղասպանութիւնը ներկայացնել հիւսուած արուեստի գործերու՝ ասեղնագործութեան, թաշկինակներու եւ այլ նմոյշներու տեսանկիւնէն, նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ արուեստի նման գործեր արտադրուած էին սովորաբար հայկական ջարդերուն հետեւանքով այրիներու կամ որբերու կողմէ: Այս ստեղծագործութիւնները աւելի ուշ հասած էին Եւրոպա, Միացեալ Նահանգներ եւ այլուր ու ծախուած մարդասիրական նպատակներով գնորդներու:
Գիտաժողովին ընթացքին ուսումնասիրութիւններ պիտի ներկայացնեն Գէորգ Նազարեան («Հայկական հիւսուածեղէնի կեդրոններ Օսմանեան կայսրութեան մէջ՝ Ցեղասպանութեան սեմին»), Հերըլտ Պետուքեան («Հայ որբերն ու որբանոցները եւ անոնց բերած նպաստը գորգագործութեան աշխարհին»), Վահրամ Շեմմասեան (Փօր Սայիտի հայկական գաղթակայանի ճարտարարուեստները»), Հրաչ Կէօզըպէյիքեան («Վաղեմի ազգի մը եւ անոր ձեռարուեստներուն զարթօնքը յետհամաշխարհային Ա. պատերազմին՝ Հալէպի մէջ»), Սիւզեն Լինտ-Սինանեան («Հիւսել՝ ապրելու համար. Հայ այրիներու եւ որբերու ձեռարուեստը») եւ Պարէտ Մարոնեան («Հաճընի որբերու նոր գտնուած գորգը»):
Բանախօսները պիտի ներկայացնէ դոկտ. Յասմիկ Պարան: Համալսարանին հասցէն է՝ 18111 Nordhoff Street, Northridge, իսկ գրադարանին ամենամօտ կանգառն է «B3»ն:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել
vahram.shemmassian@csun.edu հասցէին կամ (818) 677-3456 թիւին: