
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Փետրուար 25-26ը տարելիցի օրերն են այն դէպքերուն, որոնք 1992ին պատահեցան Խոջալուի մէջ )ներկայ անունով՝ Իվանեան) եւ որոնք Ատրպէյճանի մէջ կ՛որակուին իբրեւ «ցեղասպանութիւն»։ Այս առթիւ խումբ մը ատրպէյճանցիներ Կիրակի, Փետրուար 23ին, Պոլսոյ կեդրոնական ու հայաբնակ Շիշլի թաղամասի մայրուղիին վրայ ցոյցեր կատարեցին։ Ցոյցին ընթացքին ատրպէյճանցիներուն միացան նաեւ թուրք ցեղապաշտական խումբեր, որոնք միասնաբար փորձեցին Շիշլիի Գարակէօզեան հայոց վարժարանին առջեւ զետեղել ցուցապաստառներ։ Բաղդատմամբ այն մեծ ցոյցին, որ երկու տարի առաջ դարձեալ Խոջալուի կոտորածներու տարելիցին առթիւ կազմակերպուեցաւ Թաքսիմի հրապարակին վրայ, այս անգամ մասնակիցներուն թիւը փոքր էր։
Ցուցարարները Շիշլիի մզկիթին առջեւէն նախ ուզեցին քալել դէպի Թաքսիմ, բայց ոստիկանութիւնը արտօնութիւն չտուաւ։ Այնուհետեւ անոնք ուղղուեցան դէպի «Գարակէօզեան» ու հոն մամլոյ յայտարարութիւն ընել ուզեցին։ Վարժարանի պատասխանատուները անմիջապէս կապ հաստատեցին ապահովական մարմինի տնօրէնութեան հետ, եւ ոստիկաններ հոն հասնելով՝ ցրուեցին ցուցարարները։
Ցեղապաշտ ցուցարարները, որոնք այլատեացութեան լօզունգներ կ՛արձակէին, այս անգամ քալեցին դէպի «Ակօս»ի խմբագրատուն։ Անոնք կը կրէին «Մենք Ալփասլան Թիւրքեշի (ազգայնամոլ ղեկավար) զինուորներն ենք», «Կեցցե՛ն Օկիւն Սամասթները» (Տինքը սպաննած ոճրագործը), «Անկցի՛ն Հրանդ Տինքերը», «Ողջո՛յն Ատրպէյճանին. պայքարը կը շարունակուի» վերտառութեամբ ցուցապաստառեր։
Յիշեցնենք, որ Փետրուար 26, 2012ին տեղի ունեցած ցոյցին, ցուցարարները պարզած էին «Բոլորդ հայ էք, բոլորդ ալ «բիճ» էք» վերտառութեամբ պաստառներ։ Այդ ցոյցին մասնակցած էր նաեւ ներքին գործոց նախարար Իտրիս Նայիմ Շահին։
Փետրուար 1988ին, պետական մակարդակով կոտորածի ենթարկուած էր Ատրպէյճանի Սումգայիթ քաղաքի հայ բնակչութիւնը։