
2013ի Մարտի աւարտին «Արմաւիա» օդանաւային ընկերութիւնը յայտարարեց, որ արդէն իսկ կը կասեցնէ իր թռիչքները, որովհետեւ սնանկացած է։
«Արմաւիա»ն պետութեան պիտի վճարէ շուրջ 7 միլիառ դրամ՝ նախապէս չվճարուած հարկերն ու 140 միլիոն դրամ պետական տուրքը: Դատարանի վճիռը կամովին չկատարելու պարագային անիկա պիտի կատարուի «Դատական ակտերի հարկադիր կատարման ծառայութեան» միջոցով:
Վարչական դատարանը Նոյեմբեր 2013ին բաւարարեց Պետական եկամուտներու կոմիտէի մեծ հարկատուներու հարկային տեսչութեան դիմումը՝ ընդդէմ «Արմաւիա»ի՝ յօգուտ պետական պիւտճէի բռնագանձել 7 միլիառ դրամ: Թէեւ կողմերը մէկ ամսեան ընթացքին իրաւունք ունէին բողոքարկելու դատարանի վճիռը՝ վերաքննութեան կարգով, սակայն նման բան չեղաւ: Այս կը նշանակէ, որ 2013ի 18 Նոյեմբերին ընդունուած որոշումը ուժի մէջ պիտի մտնէր 18 Դեկտեմբերին:
Ուշագրաւ է, որ «Արմաւիա»ն պետական պիւտճէի իր պարտաւորութիւններու այլ գումարներ ներկայացուցած է: Հանրային խորհուրդին մէջ նախորդ տարուան Ապրիլ 25ին «Արմաւիա»ի շուրջ ստեղծուած իրավիճակի քննարկման ընթացքին լրագրողներուն բաժանուած է «Աւիափոխադրումների ոլորտի «առողջացման» եւ «Արմաւիայ» աւիաընկերութեան գործունէութեան վերականգնմանն ուղղուած նուազագոյն առաջնային պայմաններ» անունով փաստաթուղթ, ուր նշուած է, թէ 2010-2012 թուականներուն օդանաւային ընկերութիւնը պետական պիւտճէին ունի 24.3 միլիառ դրամի (մօտ 60 միլիոն տոլար) պարտաւորութիւններ, որմէ միայն 21.5 միլիառ դրամը (53 միլիոն տոլար)՝ «օդի տուրք» է։