
Ամիսներ առաջ «Արարատ» Հայկական միութեան կողմէ Միսլաթայի քաղաքապետարանին ներկայացուած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը վերջապէս տուաւ սպասուած արդիւնքը: Բանաձեւին միացած է Ձախ միութիւն կուսակցութիւնը (Izquierda Unida), որուն խօսնակ Սալվատոր Կարսիա տէ լա Մոթան հարցը ներկայացուցած էր քաղաքապետարանի յառաջիկայ նիստին՝ առ ի քննարկում: Նիստին ներկայ էին վալենսաբնակ հայեր, սպանացիներ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սալվատոր Կարսիա տէ լա Մոթան, որ հակիրճ կերպով ներկայացուց ցեղասպանութեան փաստը, հետեւանքները՝ ճանաչումը դնելով քուէարկութեան: Ապա խօսք առին Ժողովրդական կուսակցութեան եւ Ընկերվարական կուսակցութեան խօսնակներ Կլորիա Ալոնսոն եւ Մարիա Խօսէ Մարթինես Մորան, որոնք նախ բարձր գնահատեցին «Արարատ» Հայկական միութեան գործունէութիւնը քաղաքին, մարզերուն եւ երկրին մէջ, ապա իւրաքանչիւրը իր համաձայնութիւնը տուաւ ցեղասպանութեան ճանաչման եւ մարդկութեան դէմ յանցանքի դատապարտման: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ քուէարկութիւնը, որուն ընթացքին, ինչպէս ակնկալուած էր, երեք կուսակցութիւններու անդամները միաձայնութեամբ թեր քուէարկեցին՝ պաշտօնապէս ճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Այդպիսով, 47,000 բնակչութիւն եւ 100է աւելի ազգութիւն ունեցող այս փոքր քաղաքը դարձաւ Սպանիոյ առաջին քաղաքը, որ պաշտօնապէս ճանչցաւ 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը: Յիշեցնենք, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած են Սպանիոյ երեք նահանգներ՝ Փաիս Պասքոն, Գաթալոնիան եւ Պալէարեան կղզիները:
Քուէարկութենէն ետք խօսք առաւ «Արարատ» Հայկական միութեան նախագահ Արարատ Ղուկասեանը, որ միութեան, սպանահայութեան եւ ողջ հայութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքապետարանին՝ «այդ պատմական օրուան համար»: «Հաճելի է, երբ կարեւորագոյն հարցերու մէջ կուսակցական գոյներն ու տարբերութիւնները ի չիք կը դառնան՝ իրենց տեղը զիջելով բարեկամութեան եւ արդարութեան գոյներուն», նշեց ան՝ բարձր գնահատելով երեք կուսակցութիւններուն աշխատանքը քաղաքին մէջ:
Սալվատոր Կարսիա տէ լա Մոթան խոստացաւ, ինչպէս որ գրուած է բանաձեւին մէջ, հարցը հասցնել Վալենսիոյ եւ Սպանիոյ խորհրդարաններ՝ յորդորելով երկու կառավարութիւններուն ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ ամբողջացնել զայն արդէն իսկ ճանչցած երկիրներուն ցանկը։