ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութիւնը կը շարունակուի եւ յայտնի չէ, թէ տակաւին որքա՛ն պիտի քաշքշուի։
Ինչպէս կը յիշուի, Վճռաբեկ ատեանը վերջին անգամ բեկանած էր դատարանին այն որոշումը, թէ այս խնդիրին մէջ գաղտնի կազմակերպութիւն մը չկար։ Վճռաբեկի այս որոշումէն ետք դատավարութիւնը շարունակուեցաւ ու մտաւ նոր փուլ։
Դատական նորագոյն նիստին ընթացքին, դատարանը որոշեց ձերբակալել նաեւ ամբաստանեալներ Օսման Հայալը ու Զէյնել Ապիտին Եավուզը։ Դատարանին որոշումէն անմիջապէս ետք երկուքն ալ ձերբակալուեցան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.