ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Այն միջոցին, երբ կարգ մը կողմեր ու յատկապէս լրատուական միջոցներ կը փորձեն մօտալուտ ահաբեկումներու եւ պայթումներու հաւանականութեան «լուրեր»ով ահ ու սարսափի մթնոլորտ ստեղծել, երկրին վարիչները փութացին անմիջական խորհրդակցութիւններու ձեռնարկել եւ դրական, լաւատեսութիւն ներշնչող կեցուածքներով հանգստացնել ժողովուրդը:
Այս ծիրին մէջ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հաստատեց, որ ինք եւ իր համակիրները վճռակամութեամբ պիտի դիմակալեն բոլոր արգելքները: Ըստ խորհրդարանական Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումին մասնակից երեսփոխաններուն՝ Պըրրի վճռած է հարցերու բարւոք լուծման իր փորձերը շարունակել մինչեւ վերջ:
Լիբանանեան «Ժումհուրիա» օրաթերթին համաձայն՝ նախագահ Միշել Սլէյման վերջերս ամերիկեան կողմերէ ստացած է յատուկ թելադրանք՝ փութալու կազմել համապարփակ եւ ոչ կատարուած իրողութեան կառավարութիւն մը, որուն մաս կը կազմեն լիբանանեան բոլոր կողմերը:
Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել իր կարգին ընդգծեց «միասնակամ ճիգերով բոլոր արգելքները հարթելու հրամայականը, հակառակ ապահովական վատթարացման հաւանականութեան գծով շրջող տեղեկութեանց»:
«Ընդհանուր մթնոլորտը կ՛առաջադրէ բոլոր կողմերը համախմբող կառավարութեան մը կազմութիւն», յայտարարեց Հայկական երեսփոխանական խմբակցութեան ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, խորհրդարանին մէջ՝ Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումին աւարտին:
«Կարգ մը դժուարութիւններ կան, սակայն շնորհիւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ բարեմիտ անձերու ջանքերուն, կը տիրէ ընդհանուր տրամադրութիւն մը, թէ կը գտնուինք դրական մթնոլորտի մէջ», ընդգծեց Բագրատունի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.