
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ ու համագործակցութեամբ Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան եւ Հանրային վարժարաններու հայ աշակերտներու յանձնախումբին (CASPS), վերջին երկու ամիսներու ընթացքին տեղի ունեցան «Դէպի համալսարան» խորագրեալ համայնքային խորհրդատուական յաջող ձեռնարկներու շարք մը, Կլենտէյլի «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ, երկրորդական վարժարաններու եւ համալսարաններու ուսանողներու եւ անոնց ծնողներուն համար:
Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը արդէն իսկ տարեկան աւանդութեան մը վերածած է
երկրորդական վարժարան աւարտելու պայմաններուն, համալսարանական քառամեայ ծրագիրներուն, «GED» եւ «ACT» քննութեանց, համալսարան դիմելու գործընթացին ու ժամկէտներուն, համալսարան ընդունուելու պայմաններուն եւ կրթանպաստներուն մասին տեղեկութիւններ փոխանցող այս ձեռնարկները, որոնց ընթացքին ներկայացումները մեծամասնութեամբ հայերէնով կը կատարուին:
Ձեռնարկներէն առաջինը տեղի ունեցած էր Սեպտեմբեր 26ին, որմէ ետք երկու հանդիպումներ եւս տեղի ունեցած էին՝ Հոկտեմբեր 3ին ու Նոյեմբեր 7ին, որոնցմէ օգտուած են աւելի քան 40 ուսանողներ եւ ծնողներ:
Շարք մը խորհրդատուներ եւ համալսարաններու ներկայացուցիչներ արժէքաւոր տեղեկութիւններ փոխանցեցին ուսանողներուն: Նարէ Ղարիպեանը, որ Կլենտէյլի համայնքային համալսարանի խորհրդատուներէն մէկն է ու Կարինէ Թուրճեան, որ խորհրդատու մըն է «Քլարք Մեկնեթ» երկրորդական վարժարանին մէջ, մասնագիտական խորհուրդներով օգտակար ուղղութիւն տուին ուսանողներուն:
Կլետէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը նաեւ հաամացանցին միջոցաւ խորհրդատուութիւն կը կատարէ այն ուսանողներուն համար, որոնք չեն կրցած վերոյիշեալ ձեռնարկներուն մասնակցիլ:
Յառաջիկայ տարուան Փետրուար 5ին, կրթանպաստներու բացատրական յատուկ հաւաք մը տեղի պիտի ունենայ, իսկ Փետրուար 8ին ու 15ին, նման դիմումներ ամբողջացնելու համար օժանդակութեան կարօտ ուսանողներու յատուկ աշխատանիստեր պիտի գումարուին:
«Այս հաւաքները հաճելի առիթներ են մեզի՝ նպաստելու համար համայնքին ուսանողներուն եւ ծնողներուն: Մասնակիցներուն շարքին են Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի, ոչ պետական վարժարաններու եւ այլ կրթաշրջաններէ ուսանողներ», կը յայտնէ Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբին կրթական հարցերու յանձնախումբի ատենապետ Մարիսա Սարեան:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, դիմել Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակ՝ (818) 243-3444 թիւով կամ admin@ancaglendale.org հասցէով: