
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Ռադիոլուր»ի թղթակից Լիլիթ Սեդրակեան կը հաղորդէ, թէ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով, բանաստեղծուհի Սոնա Վան պարգեւատրուած է Մովսէս Խորենացիի անուան շքանշանով՝ հայապահպանման գործին մէջ իր ներդրած աւանդին համար:
Այդ առիթով, բանաստեղծուհին հիւրընկալուած է Լոս Անճելըսի մօտ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան մէջ, ուր գլխաւոր հիւպատոս Սերգէյ Սարգիսով անոր յանձնած է պետական այս բարձր պարգեւը:
Հիւպատոսը ողջունած է Սոնա Վանի նախաձեռնութիւնը՝ յառաջիկային 7 լեզուներով հրատարակելու Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած ժողովածու մը:
Սոնա Վանը երախտագիտութիւն յայտնած է այս պատիւին համար, զայն միաժամանակ պատուաբեր եւ հետը պատասխանատուութիւններ բերող մրցանակ մը նկատելով:
«Ազգի ու պետութեան գոյութեան հիմքը լեզուն է, դրա պահպանութիւնը՝ սուրբ պարտականութիւն է», նշած է ան:
Բանաստեղծուհին գլխաւոր հիւպատոսին նուիրած է իր ժողովածուներու օրինակները:
Սոնա Վան (Տէր-Յովհաննիսեան) ծնած է Երեւան ու մասնագիտութեամբ բժիշկ է: 1978էն ի վեր ան կ՛ապրի Քալիֆորնիա: Ան հոգեբանութեան մարզին մէջ մագիստրոսի կոչում ունի եւ հեղինակ է բանաստեղծական չորս ժողովածուներու, որոնք թարգմանուած են 7է աւելի լեզուներու: Ան արժանացած է Հայաստանի մշակոյթի ու սփիւռքի նախարարութեանց շքանշաններուն եւ գրական ու մշակութային այլ մրցանակներու: