ՓԱՍԱՏԻՆԱ, «Նոր Օր».- Ուրբաթ, Նոյեմբեր 8ին, ՀԲԸՄի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան երկրորդական վարժարանի Աշակերտական խորհուրդը կազմակերպած էր երեկոյ մը՝ ի նպաստ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամին:
Ձեռնարկին բացումը կատարելով՝ տնօրէնուհի դոկտ. Թալին Քարկոտորեան նախ ողջունեց բարերարներ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեաններու, հոգաբարձութեան ատենապետ Սինան Սինանեանի, «Հայաստան» հիմնադրամի ԱՄՆի Արեւմտեան ափի նախագահ Անդրանիկ Պաղտասարեանի եւ այլ պատուոյ հիւրերու ներկայութիւնը, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Աշակերտական խորհուրդին, ծնողական օժանդակ մարմինին, յայտագիրը պատրաստող ուսուցիչներուն եւ յայտագիրի ընդհանուր պատասխանատու Լորա Գույումճեանին։
Աշակերտական խորհուրդի նախագահ Դալար Պոյաճեան եւ փոխնախագահ Ժագլին Փոսթաճեան բացատրեցին ձեռնարկին նպատակը եւ կարեւորութիւնը, ապա գործադրուեցաւ գեղարուեստական աշակերտական յայտագիր մը: Ասմունքով ելոյթ ունեցաւ Էլիզապէթ Ցոլաքեան՝ Ս. Կապուտիկեանի «Խօսք Իմ Որդուն», իսկ երգչախումբը՝ խմբավարութեամբ Պարթեւ Կիւլիւմեանի, կատարեց «Կենաց Երգ», «Կռունկներ» եւ «Էջմիածին» երգերը։ Լոռի Խորխոր եւ Լինա Ամիրեան հրամցուցին՝ «Քելէ, Քելէ» երգին շուրջ հիւսուած արդիական պար մը, իսկ Մայքըլ Լուսինեան ներկաները զուարճացուց իր ձեռնածութեամբ։ «Հայ Թատրոն» ընտրովի դասարանի դերակատարները ներկայացուցին երեք պատկերներ՝ «Դպրոցական Տեսարան Մը» (աշակերտներու հեղինակութեամբ), Լեռ Կամսարի «Ինչպէս Գերի Ինկայ»ն եւ զուարճալի պատկեր մը՝ Թումանեանի «Անուշ»ի հետեւողութեամբ. դերուսոյցն էր Լորա Գույումճեան։ Յայտագիրի գեղարուեստական բաժինը փակուեցաւ հայկական աւանդական պարով, որուն պարուսոյցն էր Հելէն Զօհրապեանց։
Ընթրիքի սպասարկութենէն ետք, հիմնադրամի նախագահ Անդրանիկ Պաղտասարեան քարտէսի վրայ մանրամասնօրէն բացատրեց հիմնադրամի այս տարուան շինարարական ծրագիրը։
Աշակերտները յաջողեցան հանգանակել պատկառելի գումար մը, որուն շնորհիւ անոնք ո՛չ միայն մասնակից դարձան «Հայաստան» հիմնադրամի դրամահաւաքին, այլ նաեւ պիտի նպաստեն Հայաստանի ու Արցախի տնտեսութեան եւ ապահովութեան համար յոյժ կարեւոր Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղիի կառուցման։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.