ՆՈՐԹՐԻՃ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղի «Օվիաթ» գրադարանը, համագործակցութեամբ համալսարանի Արդի ու դասական լեզուներ եւ գրականութիւն բաժանմունքին՝ աշխատանքի նախաձեռնած է գոյացնելու համար Լոս Անճելըսի հայ համայնքին պատմութիւնը վաւերագրող հաւաքածոյ մը:
Նախաձեռնութեան նպատակն է հաւաքել, դասաւորել ու պահպանել համայնքի պատմութեան առնչուող նիւթեր, ինչպէս՝ օրագրութիւններ, նամակներ, լուսանկարներ, յուշեր ու այլ նիւթեր, որոնցմէ պիտի օգտուին համալսարանէն ներս ու անկէ դուրս ուսումնասիրողներ, ինչպէս նաեւ՝ հայ համայնքն ու համալսարանի Հայագիտական ծրագիրը, որուն տնօրէնը՝ փրոֆ. Վահրամ Շէմմասեանը, այս նախաձեռնութեան մղիչ ուժերէն մէկն է:
Սոյն հաւաքածոյին նիւթեր տրամադրելու ուղղութեամբ հար-ցումներու համար, դիմել (818) 677-2638 թիւին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.