
ԵՐԵՒԱՆ, «Ռադիօլուր».– ԵԱՀԿ երեւանեան գրասենեակը եւ Ռեգիոն հետազօտական կեդրոնը՝ Հայաստանի մէջ միջազգային չափանիշներուն համապատասխան ընտրական գործընթացներու կատարելագործման ծրագիրի շրջագիծին մէջ 20 Նոյեմբերին կազմակերպուած համաժողովին ընթացքին ներկայացուցած են «Նոր մեդիաների եւ սոցիալական ցանցերի դերակատարութիւնը Հայաստանի սոցիալական եւ քաղաքական կեանքում» նիւթով հարցախոյզին արդիւնքները: Հիմնական դիտարկումը կատարուած է ընկերային տարբեր խումբեր ներկայացնող շուրջ 150 ընկերային ցանցերէ օգտուողներու՝ լրագրողներու, հեռատեսիլի ղեկավարներու, պլոկըրներու, տեղական եւ միջազգային փորձագէտներու, քաղաքական գործիչներու, արուեստագէտներու եւ առեւտուրի ոլորտի ներկայացուցիչներու միջավայրին մէջ:
Ըստ «Ռեգիոն» հետազօտական կեդրոնի ղեկավար Լաուրա Բաղդասարեանի՝ հարցախոյզին մասնակիցներուն համար հիմնական տեղեկատուութեան կամ կապի աղբիւրը Դիմատետրն (facebook) է: 150 անձերը երեք խումբի բաժնելով կարելի է ըսել, որ առաջին խումբին համար Դիմատետրը հիմնականօրէն կապի միջոց է, միւսին համար՝ առեւտուր ծաւալելու լայն կարելիութեան դաշտ, երրորդ խումբին համար՝ արտայայտուելու միջոց:
Անոնց մեծ մասին համար ընկերային ցանցը դարձած է ամէնօրեայ զբաղումի միջոց, աւելին՝ կան օգտատէրեր, որոնք կախեալ դարձած են Դիմատետրէն: Իսկ լրատուական միջավայրի ներկայացուցիչներուն համար անիկա տեղեկատուութեան աղբիւր է, ոչ թէ տարածման միջոց:
«Այժմ Հայաստանից «Ֆէյսբուքում» գրանցուած է 560 հազար օգտատէր: Առաջխաղացմամբ «Ֆեյսբուքն» առաջնային տեղ է գրաւում, այստեղ օգտատէրերի քանակի աճը դինամիկ է՝ միջին հաշուով 20-30 հազարով աւելանում են Հայաստանից գրանցումները», դիտել տուած է Լաուրա Բաղդասարեանը:
Հարցումներուն արդիւնքներէն յստակացած է, որ հարցախոյզին մասնակիցներուն կէսը մինչեւ Դիմատետրի օգտագործումը, ընկերային այլ ցանցեր օգտագործած են, իսկ միւսներուն համար Դիմատետրը առաջին փորձն էր։