
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Ազգային միացեալ նախաձեռնութեան ղեկավար Շանթ Յարութիւնեանի նախկին կինը՝ Ռուզաննա Բադալեանը, «Նիուզ»ին յայտնած է, որ Շանթ Յարութիւնեանը հրաժարած է փաստաբանի ծառայութիւններէ:
«Երէկուայ կատարուածը ծրագրաւորուած էր իշխանութիւնների կողմից: Սա քաղաքական գործ է, ոչ թէ քրէական: Նա խուլիգանութիւն չի արել, որ փաստաբանի ծառայութիւնից օգտուի», բացատրած է Ռուզաննան:
Շանթ Յարութիւնեանի նախկին կնոջ համաձայն, Շանթը լուրջ ծրագիրներ ունեցած է, կ՛ուզէր երկիրին մէջ արժէքային լուրջ փոփոխութիւններ կատարել. «Շանթը առողջ մտածելակերպ ունի, հասկանում է, որ երկիրը կործանման է գնում»:
Ռուզաննա Բադալեան նշած է, որ Մարտի 1ի դէպքերուն ընթացքին ալ Շանթը հրաժարած էր փաստաբանի ծառայութիւններէ եւ իր դատը ի՛նք պաշտպանած էր։