
ՊՈԼԻՍ, ԵՐԵՒԱՆ, «Մարմարա», «Արմէնփրէս».- Ուրֆայի շրջանային լրատուական համացանցի կայքին վրայ հրատարակուեցաւ լուր մը, ուր կ՛ըսուի, որ Կերմիւշ գիւղի հայկական եկեղեցին դարձեալ իբրեւ ախոռ սկսած է գործածուելու։ Ասիկա պատմական եկեղեցի մըն է, որ տասը տարի առաջ հայերու կողմէ նորոգութեան ենթարկուեցաւ։ Մինչ կը սպասուէր, որ նորոգուած եկեղեցին երեք տարի առաջ բացուէր զբօսաշրջութեան համար, այդ ուղղութեամբ որեւէ քայլ չառնուեցաւ եւ ներկայիս եկեղեցին կրկին ունի ախոռի տեսարան։
Հակառակ անոր, որ եկեղեցւոյ դրան վրայ երեք լեզուներով նշանատախտակ մը կախուած է, եկեղեցին զբօսաշրջութեան առջեւ դռները բանալու կարելիութենէն շատ հեռու է տակաւին։
Լրատու կայքը դիտել կու տայ, որ Կերմիւշը հայերէ մնացած գիւղ մըն է։ Տեղացիները, որոնք գիտեն, թէ եկեղեցին ունեցած է ստորերկրեայ ճամբաներ, շարունակ պեղումներ ըրած են՝ գանձ գտնելու նպատակով։ Տեղացիները այժմ կը սպասեն, որ իշխանութիւնները բացատրութիւն մը տան, թէ ինչո՞ւ այս վիճակին մատնած են այս պատմական յուշարձանը։
Թրքական «Հապերսօլ» կայքը կը հաղորդէ, որ պատմական Եդեսիոյ մէջ գտնուող այս եկեղեցին, որուն տարիքը չի նշուիր, վերանորոգուած էր սփիւռքահայերու ջանքերով: «Կերմուշը նախապէս հայկական գիւղ եղած է: Տեղացիները զայն այժմ Տաղեթեղի կը կոչեն: Գանձ փնտռողները այսօր ալ կը շարունակեն եկեղեցւոյ տակ անցքեր փորել», կը գրէ թրքական կայքը:
The aove photo is a secret image of turkish leaders congregation to asses turkish national security challenges inside Armenian Christian church in the city of Urfa as these animals feel the church is secure stable for them.
The animals include Honorable Cow {HC} recept ordoghan, HC abdolah gul,HC achmet davut oglu & HC ali babacan & a turkish Dankey.