
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի հայաստանեան պատուիրակութեան կազմին մէջ փոփոխութիւններ պիտի կատարուին, եւ Զարուհի Փոստանջեան պիտի դադրի անոր մաս կազմելէ:
3 Հոկտեմբերին գումարուած Ազգային ժողովի նիստին այս յայտարարութիւնը կատարեց խոր-հրդարանի խօսնակ Յովիկ Աբրահամեանը: «Քաղաքական կարծիքի ազատ արտայայտումը պարտադիր պայման է պատշաճ քաղաքական բանավէճ ծաւալելու համար: Քաղաքական կարծիքի ազատ արտայայտումը, սակայն, իր բնոյթով բացարձակ իրաւունք չէ», յայտնեց ան։
Ան նշեց, որ Հայաստանի սահմանադրութեան 66րդ յօդուածը կը ճշդէ, որ պատգամաւորին՝ «իր կարծիքն ազատ արտայայտելու իրաւունքը սահմանափակուած է վիրաւորանքի կամ զրպարտութեան անթոյլատրելիութեամբ: Այսինքն՝ այդ իրաւունքը սահմանափակուած է, երբ դրա կիրառումը շեղում է իր իրական նպատակից՝ ազատ քաղաքական բանավէճ ծաւալելուց»:
«Նաեւ ԵԽԽՎ կանոնակարգի 21.6 յօդուածն է պարունակում մարդկային արժանապատուութիւնը ոտնահարող արտայայտութիւնների օգտագործման արգելք: Հաշուի առնելով Ազգային ժողովի պատգամաւոր Զարուհի Փոստանջեանի վարքագիծը երէկ ԵԽԽՎ նիստի ընթացքում եւ հիմք ընդունելով «ազգային ժողովի կանոնակարգ» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 18րդ յօդուածի 1ին մասի է ենթակէտը՝ յայտարարում եմ, որ խորհրդակցել եմ Ազգային ժողովի խմբակցութիւնների հետ եւ մտադիր եմ փոփոխութիւն կատարել ԵԽԽՎում Հայաստանի պատուիրակութեան կազմում», նշուած է Ազգային ժողովի նախագահին տարածած յայտարարութեան մէջ: