ՊՈԼԻՍ.- Երեքշաբթի, 24 Սեպտեմբերի առաւօտեան հանդիսաւոր կերպով բացումը կատարուեցաւ Պոլսոյ Գալֆայեան վարժարանի նոր երկյարկանի մասնաշէնքի, որ նախապէս միայարկ շէնք մըն էր:
Նորակառոյց շէնքը կը ներառէ ժողովասրահ մը եւ պահեստի սենեակներ:
Նորակառոյց շէնքի բարերարն է Հերման Խնդիրեան, որ բացման օրը իր կնոջ հետ միասին մասնակցեցաւ հանդիսաւոր արարողութեան։ Այնտեղ էին Գալֆայեան Տան խնամակալութեան անդամները, վարժարանի տնօրէնուհի Այտա Գայայէր, ուսուցիչներ, աշակերտներ եւ հիւրեր։
Նախ խօսք առաւ տնօրէնուհի Տիկին Գայայէր, որ աշակերտներուն յորդորեց սիրել իրենց հարազատ դպրոցն ու ուսուցիչները, ըլլալ լաւ աշակերտներ եւ ապագային ալ՝ համայնքի համար պիտանի անձեր։
Տնօրէնուհին այնուհետեւ արտայայտուեցաւ նորակառոյց մասնաշէնքի մասին։ Ան ըսաւ, որ Գալֆայեան վարժարանի շէնքը կառուցուած է Պալեան ընտանիքին կողմէ եւ պատմական կառոյց մըն է։ Նոր մասնաշէնքը կառուցելու համար մօտաւորապէս մէկ տարիէ ի վեր նախապատրաստական աշխատանքներ կը տարուէին, իսկ շինութիւնը սկսած ու վերջացած է երկու ամսուան ընթացքին։ Ամրան վերանորոգուած են նաեւ վարժարանի կաթսայատունը եւ ջեռուցման համակարգը։ Վարժարանի շէնքի կարգ մը բաժինները դիմացկուն դարձնելու համար յատուկ աշխատանքներ տարուած են, շէնքը ամբողջութեամբ ներկուած է եւ նոր դիմագծութեամբ իր դռները բացած է ուսումնական 2013-2014 տարեշրջանին համար։
«Տնօրէնուհիի ելոյթէն ետք խօսեցաւ բարերար Հերման Խնդիրեան, որ մեծապէս յուզուած էր, բայց միաժամանակ շատ ուրախ, որ իր բարերարութեամբ նոր կարելիութիւններ կը ստեղծուէին վարժարանին համար։ Ան ալ մաղթեց որ այս վարժարանէն հասնին համայնքին համար արժէքաւոր սերունդներ ու շրջանաւարտներ եւ հաւատարիմ մնան իրենց ինքնութեան ու իրենց սիրելի վարժարանին», կը գրէ «Մարմարա»։
Ելոյթի աւարտին, Ա. դասարանի աշակերտները ծաղկեփունջ մը նուիրեցին բարերարին։
Այնուհետեւ բարերարն ու իր տիկինը, տնօրէնուհիին հետ միասին կտրեցին բացման խորհրդանշական ժապաւէնը եւ նորակառոյց մասնաշէնքի սրահին մէջ վարիչներուն եւ հիւրերուն հետ մէկտեղուեցան «քոքթէյլ»ի սեղաններու շուրջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.