ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Այս պայմաններուն տակ. ներկայ պայմաններուն տակ, Հայաստանի իշխանաւորները հնարաւորութիւն չունին Եւրասիական մաքսային միութեան հարցի ազատ քննարկում թոյլ տալու: Այս հանգրուանին, հաւանաբար, իմաստ ալ չունի նման քննարկում մը: Բանը բանէն անցած է, ու Հայաստանը իր այսօրուան քաղաքական, տնտեսական հնարաւորութիւններով այլընտրանք չունի, բացի՝ Ռուսիոյ նախագահի պայմաններուն համաձայնելէն:
Ուրիշ հարց, թէ՝ ինչպէ՛ս հասանք այստեղ: Կրնանք մի՛շտ գտնել պատրուակներ, որոնցմէ ամէնէն շատ չարաշահուածները Արցախեան պատերազմն ու շրջափակումն են:
Չենք ուզեր կրկնել, որ պատերազմի ու շրջափակման պայմաններուն տակ իսկ, կենսունակ տնտեսութիւն ստեղծելու հանճարը չի պակսիր մեր ժողովուրդին: Չենք ուզեր կրկնել, որ ամէն օր ժողովուրդի ոգին ջարդելով, ամէն օր զայն յուսահատութեան գիրկը նետող վարքով ապրող ու գործող քաղաքական ղեկավարութիւնը ուրիշ տարբերակ չի կրնար ունենալ, բացի՝ ենթարկուելէ արտաքին պարտադրանքներու:
Այո՛, դիւանագիտական ճարպիկ բանաձեւումներով, նոյնիսկ որոշ յաջող մարտավարութիւններով, կարելի է ձեւացնել, որ »քոմփլիմենթարիզմ«ի, հաւասարակշռուած քաղաքական գիծի միջոցաւ, կերպով մը անկախութիւն ու ինքնիշխանութիւն ունենալու խաբկանքը կրնանք ստեղծել: Սակայն այդ խաբկանքը չի՛ կրնար այլեւս գործել, երբ պարտադրող ուժերէն մէկը, անտեսելով ձեւականութեան կանոնները՝ կոպտօրէն կը պահանջէ անձնատուութիւն, հնազանդութիւն: Մեծագոյն վարպետութիւնը, հիմա, մեր իշխանաւորներուն կողմէ այս անյարմար վիճակէն դուրս գալու, զայն բացատրելու, արդարացնելու ճամբաներ գտնելն է: Ամէնէն ազդուն, անշուշտ, Արցախի անվտանգութեան հարցի լուռ շահարկումը պիտի ըլլայ. եթէ պէտք ունինք ռուսական զէնքերուն, ապա պէտք է ենթարկուինք, ապա՝ պէ՛տք է զիջինք:
Այո՛, այս պայմաններուն տակ ուրիշ ընտրանք չունինք, բացի… միանալէ: