ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի մէջ արդէն իրենց աւարտին հասած են 2013 թուականի ծիրանի մթերման աշխատանքները:
Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան հասարակութեան հետ կապերու բաժինէն յայտնած են, որ այս տարուան ընթացքին ծիրանի մթերման քանակը շուրջ 47 տոկոսով գերազանցած է նախորդ տարուան մթերման ցուցանիշը: Այս տարի 28 պտուղ-բանջարեղէն վերամշակող ընկերութիւններ մթերած են 13,044 թոն ծիրան՝ նախորդ տարուան 8855 թոնի փոխարէն: Այս տարի մրցաշնային եղած են ծիրանի արտածման ցուցանիշները։ 29 ընկերութիւն եւ 514 անհատներ արտածած են շուրջ 23,240 թոն ծիրան, որուն 19,810 թոնը՝ Ռուսիա, 2593 թոնը՝ Վրաստան, 668 թոնը՝ Ուքրանիա եւ փոքր քանակներով նաեւ այլ երկիրներ:
Ընդհանուր առմամբ ծիրանի արտածման քանակը 84 տոկոսով գերազանցած է նախորդ տարուան արտածման ցուցանիշը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.