«ԱՐԱՐԱՏ»Ը ԿԸ ՄԵԾԱՐԷ ԺԱՍԻԿ ՋԱՌԱՀԵԱՆԸ
ՀՄԸՄ Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղը, իր 35ամեակի ծիրէն ներս, տօնակատարութեամբ կ՛ուզէ մեծարել «Արարատ»ի 2013ի պատուաւոր անդամուհի Ճազմին (Ժասիկ) Պոնիաթեան-Ջառահեանը, Շաբաթ, Հոկտեմբեր 19, 2013ին, կ.ե. ժամը 6:30ին, «Հայաթ Ռիճընսի» (նախկին «Մերիոթ») պանդոկին մէջ՝ 333 South Figueroa Street, Los Angeles, CA 90071:
Երաժշտական մասնակցութիւն՝ Ալէն եւ նուագախումբը (Allen G. Orchestra):
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, հեռաձայնել (323) 256-2564 թիւին:
«ԱՐԱՐԱՏ»Ը ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ «ՉՐԱԽՉԵԱՆ» ԿՐԹԱՆՊԱՍՏԸ
ՀՄԸՄ Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի Ծրագիրներու բաժինը պիտի յատկացնէ «Չրախչեան» կրթանպաստը: Այս կրթանպաստը քոլեճի այն աշակերտներուն համար է, որոնք համալսարան պիտի փոխանցուին 2013ի աշնան: Երեք յատկացում պիտի կատարուի աշակերտներու, իւրաքանչիւրը՝ 1000ական տոլար: Դիմումնագիրներու վերջնական օրը Յուլիս 31, 2013ն է:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու ու համացանցային դիմումնագիրի փաթեթը ունենալու համար, այցելել www.ararat.org, Ararat Facebook-ը, կամ հեռաձայնել (323) 256-2564 թիւին:
ՍԵՒԱԿ ԻՆՃԷՅԵԱՆ