
Վարեց՝ ԱՆԻ ՄԱՐՍԷԼԵԱՆ
ԱՆԻ ՄԱՐՍԷԼԵԱՆ.- Մեծարգոյ դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան, որպէս տնօրէն ու հիմնադիր, կարելի՞ է պատմական շրջայց մը կատարել Մաշտոց քոլեճի ու անոր կրթական նուաճումներուն ու յաջողութիւններուն մասին:
ԿԱՐՊԻՍ ՏԷՐ ԵՂԻԱՅԵԱՆ.- Մաշտոց քոլեճը յստակ տեսիլքի ծնունդ է: Բարձրագոյն կրթութեան նուիրուած այս կրթօճախը հպարտօրէն եւ արժանաւորապէս կը կրէ մեր մեծ վարդապետ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի բարձրանունը, անուն մը, որ մեզ անսայթաքաբար կը ներշնչէ եւ կը հրաւիրէ ամենօրեայ նորանոր գագաթներ նուաճելու, անուն մը, որ առիթը կ՛ընծայէ մեզի՝ ոչ հայերու բացատրելու նշանակութիւնը այս հաստատութեան առաքելութեան եւ դիմագիծին: Քսանմէկամեայ մեր ճանապարհը եղած է յաղթանակներով եւ մարտահրաւէրներով լի, յաղթանակներ, որոնք մեր սրտերը ուրախութեամբ լեցուցած են, ինչպէս քոլեճի 21 տարիներու հունձքը՝ 5,464 շրջանաւարտ. այս պատկառելի բերքին 96 տոկոսը աշխատանքի տեղաւորուած է: Մաշտոցեան այս հունձքին մաս կը կազմեն գնահատելի թիւով շրջանաւարտներ, որոնք կրթական ասպարէզը ընդունած են որպէս ազգային առաքելութիւն: Քոլեճի կրթական նուաճումներու կողքին՝ ուրախ ենք նշելու, որ հաստատութիւնը ունի իր յատուկ դերը գաղութային մակարդակով կատարելու կարեւոր ներդրումներ մեր կառոյցներուն, կազմակերպելով մշակութային, կրթական եւ ընկերային ձեռնարկներ, որոնք կու գան սատարելու լոս-անճելըսահայութեան շարունակական վերելքին:
ԱՆԻ ՄԱՐՍԷԼԵԱՆ.- Ակնյայտ է եւ անվիճելի Մաշտոց քոլեճի կենսական դերը ամերիկահայ գաղութի գոյութեան ու գոյատեւման մէջ. ինչպիսի՞ քայլերու դիմած էք այս սրբազան առաքելութիւնը իրագործելու համար:
ԿԱՐՊԻՍ ՏԷՐ ԵՂԻԱՅԵԱՆ.- Մաշտոց քոլեճը ստանձնած է յոյժ կարեւոր դեր ամերիկահայ գաղութի կառոյցներու ամրապնդման ու անոնց զարգացման մէջ, եւ այս առաքելութիւնը զուգահեռ աշխատանքներով կը ծաւալի:
Առաջինը՝ շրջանաւարտներուն կարեւոր ներդրումը կրթական, եկեղեցական, միութենական, երիտասարդական կառոյցներուն մէջ: Երկրորդը՝ կատարելով ուսումնասիրութիւններ, վիճակագրական տուեալներու հիման վրայ ներկայացնել ամերիկահայ գաղութի ներկայ իրավիճակը եւ անոր հեռանկարները: Մաշտոց քոլեճը կրթական այն բացառիկ հաստատութիւնն է, որ շարունակաբար կը կատարէ այս կարեւոր ուսումնասիրութիւնները, որոնք արժանացած են բարձր գնահատանքի գաղութին մէջ գործող պատկան մարմիններու կողմէ:
ԱՆԻ ՄԱՐՍԷԼԵԱՆ.- Ինչպիսի՞ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէք այս համալսարանը հաստատուն ու յաջող դիրքի վրայ պահելու համար եւ ինչպէ՞ս կը յաղթահարէք այդ դժուարութիւնները:
ԿԱՐՊԻՍ ՏԷՐ ԵՂԻԱՅԵԱՆ.- Դժուարութիւններէ աւելի պէտք է նշել մարտահրաւէրները: Երկրին մէջ տիրող տնտեսական տագնապները իրենց անմիջական ազդեցութիւնը կ՛ունենան կրթական հաստատութիւններուն վրայ: Մաշտոց քոլեճը իր շատ լրջօրէն ծրագրուած ամավարկով կը ջանայ բնաւ զիջումներ չկատարել կրթական մակարդակի որակին, միշտ նկատի ունենալով տնտեսական դժուարութիւններու առթած մարտահրաւէրները՝ արթուն կը պահէ հաստատութեան ելեւմուտքը, հակակշռելով ոչ անմիջական կարեւորութիւն ունեցող նիւթական ծախսերը: Կրթաթոշակներէ գոյացած եկամուտը կ՛ամբողջացնենք քոլեճի առաքելութեան հաւատացող բարեկամներու նիւթաբարոյական օժանդակութիւններով: Երբ հաստատութիւն մը յաջողութիւններու կը հասնի՝ թիկունք կանգնողներուն որակն ու քանակը աճ կ՛արձանագրէ: Քոլեճը իր 21 տարիներու ընթացքին, փառք Աստուծոյ, ամէն տարի կրցած է հաւասարակշռել իր ելեւմուտքը:
ԱՆԻ ՄԱՐՍԷԼԵԱՆ.- Ի՞նչ նպատակով հիմնեցիք Մաշտոց համալսարանը եւ որքանո՞վ յաջող հանդիսացաք այդ նպատակը իրագործելու գործընթացին մէջ:
ԿԱՐՊԻՍ ՏԷՐ ԵՂԻԱՅԵԱՆ.- 16 տարի ծառայեցի որպէս տնօրէն եւ նախագահ Լաւերնի Ամերիկայի միջազգային քոլեճին: Նկատի ունենալով լոս-անճելըսահայ գաղութի ազգակրթական կարիքիները, որոշեցինք գաղութի սրտին մէջ շարունակել այս կրթական առաքելութիւնը եւ ուրախ եմ յայտարարելու, թէ ճիշդ որոշում էր համալսարանին ծառայութիւնները տրամադրելի դարձնելը Միացեալ Նահանգներու ամենահայահոծ շրջանին մէջ: Ուսանողներու հետաքրքրութիւնը հանդէպ Մաշտոց քոլեճի կրթական մասնագիտութիւններուն, եկան փաստելու, որ անոնց ընտրութիւնը կատարուած է յատուկ հեռանկարով, ապացոյցը՝ շրջանաւարտները յարմար աշխատանքներու տեղաւորման յաջողութիւնն է: Քոլեճի նպատակն է հայ մասնագէտներ պատրաստել հայաբոյր միջավայրի մէջ, ի մասնաւորի՝ մեր ազգային կառոյցներուն սատարող նոր ոյժեր:
ԱՆԻ ՄԱՐՍԷԼԵԱՆ.- Ի՞նչ առարկաներ եւ մասնագիտական ճիւղաւորումներ կ՛ընդգրկէ համալսարանի կրթական ծրագիրը:
ԿԱՐՊԻՍ ՏԷՐ ԵՂԻԱՅԵԱՆ.- Մաշտոց քոլեճի մասնագիտութիւնները կ՛ընդգրկեն հետեւեալ ճիւղաւորումները՝ Պսակաւոր արուեստից համալսարանական տիտղոս հայագիտութեան եւ երկլեզուեան մանկավարժութեան մէջ: Մաշտոց քոլեճը միակ հաստատութիւնն է ամբողջ Միացեալ Նահանգներու տարածքին, որ պետականօրէն վաւերացուած է վերոյիշեալ մասնագիտութիւնները մատակարարելու: Անոնց կողքին, քոլեճը ունի մասնագիտութիւններ՝ վկայականներու մակարդակով, որոնց մէջ՝ հայոց լեզու եւ գրականութիւն, երեխաներու հոգատարութիւն, նախադպրոցական եւ մանկապարտէզի ուսուցիչ-տնօրէնի պատրաստութիւն, համակարգիչներու գիտութիւն, հոգեբանութիւն, բժշկական հաշուեգրութիւն, իրաւաբանի օգնական, օտար լեզուներ, անգլերէնը որպէս երկրորդ լեզու, եւ խորհրդատուութիւն. հոս պէտք է նշել, թէ հայագիտութեան ամպիոնին մաս կը կազմէ թարգմանչական արուեստը՝ հայերէն, անգլերէն, արաբերէն եւ պարսկերէն լեզուներով: Մաշտոց քոլեճը միակ համալսարանն է Միացեալ Նահանգներու տարածքին, որ այս մասնագիտութեան մէջ պետական վաւերացում կը կրէ:
ԱՆԻ ՄԱՐՍԷԼԵԱՆ.- Ինչպէ՞ս կրցաք քայլ պահել արդի մանկավարժական ծրագիրներու արագընթաց փոփոխութիւններուն հետ եւ որքանո՞վ կրցաք կիրառկել զանոնք:
ԿԱՐՊԻՍ ՏԷՐ ԵՂԻԱՅԵԱՆ.- Եթէ որեւէ կրթական հաստատութիւն քայլ չի պահեր արդի մանկավարժական ծրագիրներուն հետ, ոչ միայն կը մնայ իր մակարդակին վրայ, այլ նահանջ կ՛արձանագրէ եւ իր առաքելութիւնը լուրջ բարդութիւններ կը դիմագրաւէ: Մաշտոց քոլեճը մասնագիտական մակարդակով կը հետեւի մասնաւորաբար ուսուցչական ասպարէզին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն, զանոնք կիրառելով իր կրթական ծրագիրին մէջ, ուսումնասիրութիւններով, նոր փորձարկութիւններով եւ հետազօտութիւններով: Ուրախ եւ հպարտ եմ, որ մեր շրջանաւարտները սպառազինուած են այս նոր զարգացումներով եւ զանոնք յաջողապէս կը կիրառեն իրենց ասպարէզին մէջ:
ԱՆԻ ՄԱՐՍԷԼԵԱՆ.- Որպէս մտաւորական, բազմավաստակ ուսուցիչ ու մանկավարժ, ի՞նչ պատգամ կու տաք Մաշտոց քոլեճէն շրջանաւարտ ապագայ կրթական մշակներուն, որոնք պիտի ստանձնեն հայ ազգին ապագան կերտող ու զայն լուսաւորող նոր սերունդի դաստիարակութիւնը:
ԿԱՐՊԻՍ ՏԷՐ ԵՂԻԱՅԵԱՆ.- Մեր պատգամը շատ պարզ ու յստակ է: Մեր շրջանաւարտները սպառազինուած են ոչ միայն կրթական գիտելիքներով, այլ նաեւ ազգային ու բարոյական արժէքներու գիտակցութեամբ: Անոնք, ուր որ ալ հրաւիրուին ծառայելու, մեր անձնական փորձառութեան վրայ հիմնուելով, համարձակօրէն կրնամ վկայել, թէ մեր շրջանաւարտներու ասպարէզային յաջողութիւնը կախեալ է հետեւեալ ազդակներէն.
1. Իրենց կեանքը կրնայ իմաստաւորուիլ միմիայն, երբ այդ կեանքի տուիչը ըլլայ իրենց կեանքի օրինակն ու առաջնորդը, եւ այդ տուիչը մեր Ստեղծիչը, մեր Արարարիչը, մեր Փրկիչն է, առանց որու ներկայութեան մեր կեանքը կը դառնայ ունայնութիւն:
2. Հաւատարիմ մնալ հանդէպ մեր ազգային արմատներուն ու մեր կենցաղով միշտ թարմ եւ առողջ պահել զանոնք: Նիւթական հարստութենէ շատ աւելի, մեր զաւակներուն եւ նոր սերունդին պէտք է կտակենք հոգեւոր եւ ազգային հարստութիւն, որոնք մեր երակներուն մէջ կը հոսին որպէս ժառանգ մեր նախահայրերէն, որոնք նահատակութեան ճամբով երաշխաւորեցին մեր ազգին յարութիւնը:
3. Հաւատարիմ ըլլալ մեր պատմական եւ ներկայ հայրենիքին, մեր ծննդավայրերուն, եւ մեր հիւրընկալ այս երկրին, մեր հաւատարմութիւնը պէտք է ցոյց տանք մեր անսակարկ ծառայութեան ոգիով:
4. æատագովը հանդիսանալ ազգային համագործակցութեան ոգիին ու Եղիշէ Չարենցին պատգամը՝ «Ով հայ ժողովուրդ, քու փրկութիւնը քու հաւաքական ուժի մէջ է»ն արմատացնել մեր սրտերուն եւ միտքերուն ու հոգիներուն մէջ:
ԱՆԻ ՄԱՐՍԷԼԵԱՆ.- Իւրաքանչիւր ամառ, ուխտագնացութիւն կը կազմակերպէք դէպի Արեւմտեան Հայաստան եւ Կիլիկիա: Այս առաքելութիւնը ի՞նչ նշանակութիւն կ՛ունենայ ձեր ազգային կեանքին մէջ:
ԿԱՐՊԻՍ ՏԷՐ ԵՂԻԱՅԵԱՆ.- Արեւմտեան Հայաստանը պատմականօրէն մաս կը կազմէ էութեանս: Մեծ հայրերս ու մեծ մայրերս հոն ծնած ու մեծցած են: Մեր ընտանիքի 41 անդամները հոն նահատակուած են: Այդ իմ պապերուս արիւնով ոռոգուած հողն է, մեր գանձն է, մեր յոյսն է: Իւրաքանչիւր ամառ կը ժամադրուիմ արմատներուս հետ, որոնք զիս ներշնչելով կը մղեն աւելի աշխատանքի եւ յարատեւ ծառայութեան:
ԱՆԻ ՄԱՐՍԷԼԵԱՆ.- Եթէ մեր ազգային կեանքը յուզող առաջարկներ ներկայացնելու առիթը ունենայինք, ի՞նչ թելադրութիւններ պիտի փափաքէիք կատարել:
ԿԱՐՊԻՍ ՏԷՐ ԵՂԻԱՅԵԱՆ.- Այժմէական բնոյթ կրող ու մեր ազգային կառոյցներու ապագան աւելի ամուր հիմերու վրայ հաստատել ձգտող հետեւեալ առաջարկները կրնան ծառայել որպէս թելադրութիւն՝ ի շահ մեր սփիւռքահայ գաղութներու ամրապնդման.
1. Հայ Դատի եւ ազգային իրաւունքներու արդար հատուցում:
Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ի նպաստ կատարուած աշխատանքները արժանի են ամէն գնահատանքի եւ քաջալերութեան: Մեր ահռելի կորուստները մարդկային, հողային, տնտեսական, մշակութային, կրթական, իմացական, կրօնական, կալուածներու, եւ այլ վնասներու ցուցակագրուած ու վերահաստատուած են պատմագէտներու եւ իրաւաբաններու կողմէ ու սակարկութեան ենթակայ չեն, այլ՝ ամբողջական եւ արդար հատուցումի: Հայ Սփիւռքին վիճակուած է գլխաւոր եւ իւրայատուկ դեր այս գործընթացին մէջ ու այսօր մեզմէ կ՛ակնկալուի, որ մեր բոլոր ուժերը համախմբենք մեր աւանդական կուսակցութիւններուն եւ Հայ Դատի նուիրեալներուն շուրջ, հայրենիք-Սփիւռք պահանջատիրութեան միացեալ յստակ ծրագիրով ու միջազգային օրէնսդիրներու աջակցութեամբ ներկայանալու միջազգային ատեաններու առջեւ, որպէս պահանջատէր հայութիւն, առանց նահանջի եւ ընկրկումի: Այս անյետաձգելի առաքելութիւնը ներկայ սերունդին սրբազան պատասխանատութիւնն է, որ չենք կրնար զայն կտակել գալիք սերունդներուն:
2. Ստեղծել ապագայ ղեկավարներու յատուկ հիմնարկ մը, օժտելու համար սփիւռքահայ մեր կազմակերպութիւնները մասնագէտ ղեկավարներով եւ հասարակական գործիչներով, որոնք սիրողական մակարդակէն վեր կրնան բարձունքներու հասցնել մեր հաստատութիւնները: Նաեւ քաջալեր հանդիսանալու ենք մեր համալսարանաւարտ երիտասարդներուն, վստահելով անոնց պատասխանատու պաշտօններ, որպէսզի անոնք առարկայական լուրջ մօտեցումով եւ երիտասարդական եռանդով մշակեն եւ գործադրութեան դնեն յստակ ծրագիրներ:
3. Ստեղծել հայկական think tank-ը՝ ուղեղահաւաքակեդրոնները սփիւռքահայ գլխաւոր համայնքներուն մէջ, մէկտեղելով մեր մեծարժէք ուղեղները՝ մասնագիտական մակարդակով վերլուծելու մեր հայրենիք – սփիւռքը ու անոնց ապագան յուզող զանազան հարցերը, առաջարկելով գործնական լուծումներ: Անմիջապէս կարիք ունինք կազմակերպելու մասնագիտական հերթական համագումարներ, շինիչ օրակարգերով եւ գործնական առաջարկներով մեր անհատական տաղանդները վերածելու հաւաքական պատկառելի ոյժի՝ ի սպաս մեր Ազգային ծրագրին:
4. Կազմել համահայկական մակարդակով ստիպողական վիճակի խորհուրդ մը Սփիւռքի գլխաւոր կեդրոններէն ներս, որ վայելէ բացարձակ լիազօրութիւն հայկական բոլոր կուսակցութիւններուն ու կազմակերպութիւններուն կողմէ, ներկայացնելու համար մեր համայնքը պետութեան մօտ, երբ հարկը պահանջէ: Նոյն խորհուրդը կրնայ նաեւ ծառայել կանխարգիլելու Սփիւռքահայ գաղութներուն սպառնացող զանազան տագնապներն ու մարտահրաւէրները:
5. Պատրաստել մասնագիտական ուղեցոյց-հասցէարան:
Սփւռքի տարածքին ունինք գնահատելի թիւով մասնագէտներ, որոնք զանազան մարզերու մէջ արձանագրած են ցայտուն յաջողութիւններ: Անհրաժեշտ է պատրաստել ուղեցոյց-հասցէարաններ, ամփոփելու համար կենսագրական գիծերը մեր տաղանդներուն, ի պահանջեալ հարկին օգտուելու համար անոնց լայն փորձառութենէն: Այս ուղեցոյց-հասցէարանները ընդգրկելու են.
ա.- համալսարանական դասախօսներն ու գիտնականները
բ.- տնտեսագէտներն ու առեւտրական գործիչները
գ.- քաղաքագէտներն ու դիւանագէտները
դ.- արուեստագէտներն ու մշակութային գործիչները:
Նաեւ անհրաժեշտ է, որ անոնք հրաւիրուին մասնագիտական համագումարներու, կարծիքներու փոխանակման՝ մեր ազգային կառոյցներու մէջ անոնց ներդրումը երաշխաւորելով:
ԱՆԻ ՄԱՐՍԷԼԵԱՆ.- Ձեր աւարտի, եզրակացութեան խօսքը:
ԿԱՐՊԻՍ ՏԷՐ ԵՂԻԱՅԵԱՆ.- Մենք որպէս ժառանգորդները մեր անմեռ նահատակներուն պիտի շարունակենք պայքարը մինչեւ որ «Արարատը մերը լինի ու Արաքսը Հայաստան հոսի»: Ու մէկտեղուած մայր հողի վրայ, ձեռք ձեռքի, սիրտ սիրտի, ուս ուսի Խաչատուր Աբովեանի հետ միասնաբար պիտի բարձրանանք Արարատի զոյգ գագաթները, մեր Ս. Խաչովն ու ազգային Եռագոյն դրօշով այդ հրաշազան գագաթէն Պարոյր Սեւակին միացնելով մեր ձայնը, հպարտօրէն պիտի գոչենք՝ «Մենք կանք, պիտի լինենք ու դեռ շատանանք»: