«Արմինիըն Միրըր Սփեքթէյթըր» շաբաթաթերթը կը փոխանցէ, թէ 1 Մայիսէն սկսեալ Ֆրանսայի շարժապատկերի սրահներուն մէջ յաջողութեամբ կը ցուցադրուի «Մուհամմէտ Տիւպուա» խորագիրով ժապաւէնը, որուն գլխաւոր դերակատարի հօրեղբօր դերը ստանձնած է յայտնի դերասան եւ բեմադրիչ Ժիրայր Փափազեանը։ Գլխաւոր դերակատարն է Էրիք Ժիւտոր, որ ֆրանսացիներուն ծանօթ է «Էրիք եւ Ռամզի» յայտագիրէն։
Բացի վերոնշեալ ժապաւէնէն, Ժիրայր Փափազեան նաեւ միացաւ անձնակազմին «Պարքօ» պատկերասփիւրի վիպաշարին, որ 2012ին Նիւ Եորքի մէջ արժանացաւ «Էմմի» մրցանակի։ Փափազեան կը մարմնաւորէ թուրք «կանկսթըր» Արուճ պապայի վտանգաւոր կերպարը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.