Հինգշաբթի, Մայիս 16ին, Ազգ. առաջնորդարան այցելեցին Մոնթեպելլոյի Ազգ. Մեսրոպեան եւ Օրենճ Քաունթիի Ազգային Արի Կիրակոս Մինասեան վարժարաններու հինգերորդ կարգի աշակերտները, եւ իբրեւ ուխտաւորներ հիւրընկալուեցան առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի կողմէ։
Առաջնորդին կողքին էին Աշոտ քհնյ. Գամպուրեան եւ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեան։ Աշակերտներուն կ՛ընկերանային յիշեալ վարժարաններուն տնօրէնները՝ Դաւիթ Ղուկասեան եւ Գոհար Զահըր, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներ եւ ծնողներ։
Համաձայն նման այցելութիւններով ստեղծուած բարի աւանդութեան՝ աշակերտներն ու իրենց ընկերացող դաստիարակները առաջին հերթին աղօթեցին «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատրան մէջ։ Աղօթքի պահէն ետք, աշակերտները լուսանկարուեցան սրբազանին հետ ու անոր յանձնեցին յուշանուէրներ. Արի Կիրակոս Մինասեան Ազգ. վարժարանի աշակերտները պատրաստած էին Հայ Մօր նուիրուած աղօթագիրք մը, որ կը բովանդակէր իրենց գրութիւնները։ Այնուհետեւ, հիւրերը խմբուեցան «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, ուր ներկայացուցին հայկական դպրոցի հայեցի դաստիարակութեան մէկ փոքր հայելին։
Աշակերտական յայտագիրը կազմուած էր արտասանութիւններէ, երգերէ եւ իրենց մայրերուն նուիրուած աղօթքներէ։
Առաջնորդ սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ աշակերտներուն ներկայացուցած յայտագիրին եւ զանոնք դարբնող ուսուցիչներուն մասին, ողջունեց աշակերտներուն ու դաստիարակներուն ներկայութիւնը եւ հայկական արմատներուն հաւատարմութեան պատգամ մը ուղղեց աշակերտներուն։
Հանդիպումի պահուն, Ազգ. առաջնորդարան ժամանեցին «Արի Կիրակոս Մինասեան»ի նախկին սաներէն Արտա Արըճեանը եւ իր խօսեցեալը՝ Րաֆֆին, որոնք ժամադրութիւն մը ունէին առաջնորդին հետ։ Առաջնորդը հրաւիրեց երիտասարդ զոյգը՝ մասնակից ըլլալու հանդիպումին, ապա նաեւ բեմ հրաւիրեց Արտան, որպէսզի դեռատի աշակերտներուն պատմէ դպրոցական իր յիշատակներէն։ Ան յիշեց, որ իր աշակերտութեան օրերուն, սրբազանը հոգեւոր տեսուչն էր Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ, եղած է կրօնքի իր ուսուցիչը եւ զինք լաւ տպաւորած է իր դասաւանդութեան ոճով։ Արտան նաեւ երանութեամբ յիշեց այն սերտ կապերը, զորս հաստատած է իր դասընկերներուն հետ՝ շեշտելով, որ այդ օրերուն իր դասընկերներուն հետ հաստատուած կապերը ամուր կը մնան մինչեւ այսօր եւ իրեն համար մեծ արժէք ունին անոնք։ Վերջապէս, ան մաղթեց, որ այսօրուան աշակերտներն ալ գիտակցին աշակերտական այս օրերու արժէքին եւ զայն ամուր պահեն իրենց կեանքին ընթացքին։
Առաջնորդը դրուատիքով արտայայտուեցաւ Արտայի գեղեցիկ արտայայտութեանց ու մանաւանդ մաքուր հայերէնին մասին, ապա նաեւ գնահատանքով անդրադարձաւ մայրերուն նուիրուած աշակերտական աղօթքներուն ու աղօթքի մասին Աւետարանէն յաւելեալ լուսաբանութիւններ տալով՝ յորդորեց աշակերտները, որ աղօթք բարձրացնեն նաեւ իրենց ուսուցիչներուն համար։
Յայտագիրի աւարտին ու առաջնորդի «Պահպանիչ»էն ետք, աշակերտները երգեցին «Կիլիկիա»ն։
Հանդիպումէն ետք, աշակերտները շրջապտոյտ մը կատարեցին Ազգ. առաջնորդարանի գրասենեակներուն եւ տարբեր բաժանմունքներուն մէջ ու արտադասարանային դասապահ մը կատարած ըլլալու գոհունակութեամբ վերադարձան դպրոց։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.