ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը՝ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի եւ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի տեղական մարմիններու 20 երկիրներու մէջ գործող ատենապետերու եւ վարչութիւններու անդամներուն միջեւ։ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան մամուլի եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան կողմէ փոխանցուած տեղեկութիւններուն համաձայն, հանդիպման ընթացքին նախարարը կարեւոր նկատած է «Հայաստան» հիմնադրամի դերը եւ շնորհակալութիւն յայտնած հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամներուն՝ սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրներուն նկատմամբ ցուցաբերուած աջակցութեան համար:
Նախարարը նշած է, որ կառավարութեան այս տարուան ծրագիրին մէջ առաւել մեծ ուշադրութիւն պիտի դարձուի տնտեսութեան զարգացման, գերակայ ճիւղերու մէջ իրականացուող լուրջ ներդրումներուն, որոնք իրենց կարգին պատճառ կը դառնան նոր աշխատատեղերու ստեղծման ու առաւել բարձր աշխատավարձերու ապահովման:
Ան լուսարձակի տակ առած է արդիական կարգ մը խնդիրներ, յորդորած է սփիւռքահայերը՝ Հայաստանի մէջ աշխատատեղեր ստեղծելու, ուշադրութիւն դարձնելու հայոց լեզուին, որպէսզի երիտասարդները խօսին հայերէն՝ դիտել տալով, որ հակառակ պարագային անոնք պիտի կորսնցնեն հայ մնալու կարեւորագոյն բաղադրիչը: Լեզուի պահպանման իմաստով նախարար Յակոբեան կարեւոր նկատած է սփիւռքահայերու մասնակցութիւնը նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած «Ամառային դպրոց»ի աշխատանքներուն, որոնց ընթացքին կը դասաւանդուին թէ՛ արեւելահայերէն, եւ թէ արեւմտահայերէն։
Նախարարը առաջնահերթութիւն նկատած է նաեւ Սփիւռքի մէջ ապրող երեխաներուն Հայաստան այցելութիւնը: Նշուած է, որ «Արի տուն» ծրագիրով 2009էն մինչ օրս Հայաստան այցելած են շուրջ 3000 պատանիներ եւ աղջիկներ:
Սուրիահայերու հիմնախնդիրներուն վերաբերող զեկուցումով հանդէս եկած է սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեանը: Ան ներկայացուցած է այդ ուղղութեամբ նախորդ տարուան ընթացքին կատարուած աշխատանքները: Ֆիրդուս Զաքարեան նշած է, որ 10է աւելի փոփոխութիւններ կատարուած են իրաւական փաստաթուղթերուն մէջ, որոնք դիւրացուցած են սուրիահայերու մուտքն ու կեցութիւնը Հայաստանի մէջ: Նշուած է, որ սուրիահայերուն առնչուող կր-թական, առողջապահական բոլոր խնդիրները լուծուած են անվճար կերպով: Խօսուած է նաեւ Աշտարակի մէջ սուրիահայերուն համար բնակելի թաղամաս հիմնելու մասին:
«Սիրիահայերի խնդիրները համակարգող կենտրոն» հասարակական կազմակերպութեան ղեկավար Լենա Հալաջեանը սուրիահայերուն կողմէ շնորհակալութիւն յայտնած է բարերարներուն, Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամին եւ Սփիւռքի նախարարութեան: Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ներկաներուն յայտնած է, որ սուրիահայերուն տրամադրած են 500 հազար տոլարէն աւելի ցած տոկոսով վարկեր, որպէսզի գործի սկսին Հայաստանի մէջ: Տեղի ունեցած է նաեւ կարծիքներու փոխանակում, խօսքեր արտասանած են Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամներ Կարէն Օհանեանը (Շուէտ), Սարգիս Քոթանջեանը (Միացեալ Նահանգներ) եւ ուրիշներ:
Ներկաները սփիւռքի նախարարին առաջարկած են, որ նախարարութիւնը օգտուի «Հայաստան» հիմնադրամի տարբեր երկիրներու մէջ ունեցած պաշարներէն եւ կարողականութենէն, նաեւ անհրաժեշտ նկատած են, որ այդ երկիրներու հայկական դեսպանատուներուն մէջ սփիւռքի նախարարութեան ներկայացուցիչներ ըլլան: Հրանոյշ Յակոբեան աւելցուցած է, որ Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու եւ Լիբանանի հայկական դեսպանատուներուն մէջ արդէն կան սփիւռքի նախարարութեան ներկայացուցիչներ, բայց անհրաժեշտ է աշխարհագրութիւնը ընդլայնել:
Հանդիպման աւարտին տեղի ունեցած է «Արի Տուն» ծրագիրին վերաբերող տեսերիզի ցուցադրութիւն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.