Ապրիլեան Եղեռնի ոգեկոչման հանդիսութեանց շարքին, Կիրակի, Ապրիլ 21ին, աւելի քան հինգ հարիւր հայորդիներ լեցուցած էին Ֆերահեան Ազգային վարժարանի «Աւետիսեան» սրահը, Հայկական Ցեղասպանութեան 98րդ տարելիցին առթիւ յիշելու աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն մեր նահատակները եւ յիշեցնելու անոնց, թէ՝ չենք մոռցած, չենք մոռնար…
Ձեռնարկը նախաձեռնիւթիւնն էր ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէին, կազմակերպուած կոմիտէի Հանրային կապի յանձնախումբին, Պոլսահայ միութեան, «Ֆերահեան»ի, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ եւ ուղեկից միութիւններու՝ ՀՄԸՄի «Մասիս», ՀՕՄի «Անահիտ» եւ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղերուն կողմէ:
Հանդիսութիւնը սկսաւ ժամը 6։30ին, դրօշակի արարողութեամբ, կատարողութեամբ ՀՄԸՄի սկուատներուն։ Հաւասարակշռուած քայլերով տպաւորիչ մուտքէն ետք՝ Ֆերահեան Ազգ. վարժարանի շրջանաւարտ Թուխման Խաչատուրեան կատարեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ու Հայաստանի քայլերգները։
Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեանի աղօթքէն ետք հանդիսավար իրաւաբան Կարօ Քամարեան բացման խօսքով ողջունեց ներկայութիւնը պաշտօնական հիւրերուն ու կազմակերպութիւններուն ու շեշտեց, թէ «98 տարիները չկրցան մոռցնել դարաւոր ոճիրը թուրքին, ու հայը՝ աշխարհասփիւռ, բայց իր արմատները խրած հայրենի հողին մէջ, հաւատարիմ իր պապերու արդար կանչին ու պահանջատէր, իր պայքարը պիտի շարունակէ մինչեւ արդարութեան ձայնը լսուի, մինչեւ մեր դարաւոր երազը իրականանայ, մինչեւ վերադառնանք Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստան»։
Հանդիսավարը, յայտագիրի զանազան բաժիններով, պատմական դէպքերու ու հայ ակնառու դէմքերու խօսքերէն մէջբերումներով համեմեց ձեռնարկը։ Շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներէն Ժան Թաշճեան ներկայացուց օրուան քաղաքական հիւրերը՝ Քալիֆորնիոյ նահանգի խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեան, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Քո-րեց եւ իր փոխանորդը՝ Ճեք Իպընսթայն, եւ Լոս Անճելըսի կրթական համակարգի վարչութեան (LAUSD) անդամ Սթիւ Զիմըր։ Ատրին Նազարեանն ու Սթիւ Զիմըրը փոխանցեցին յատուկ յուշագիրներ, զորս յանուն կոմիտէին՝ ստանձնեց Սթիւ Տէտէեանը։
Ներկայացուցիչները նաեւ փոխանցեցին իրենց սրտի խօսքերը՝ խոստանալով շարունակել իրենց ջանքերը Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղիով, եւ յոյս յայտնեցին, որ Միացեալ Նահանգներ եւս շուտով կը ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը։
Շրջանի ՀԵԴի «Սարդարապատ» ուխտի վարչութիւնը ներկայացուց յիշատակելի տեսաերիզ մը, որ կ՛ընդգրկէր Ցեղասպանութենէն պատկերներ եւ բանաձեւումներ՝ հայ թէ թուրք դէմքերու կողմէ։
Ֆերահեան Ազգային վարժարանի 5րդ կարգի աշակերտներէն Նանօր Սէրայտարեան հիանալի կատարողութեամբ ջութակի վրայ ներկայացուց երկու կտորներ, դաշնակի ընկերակցութեամբ իր հօր՝ Յովիկ Սէրայտարեանի։
Օրուան բանախօսն էր Նիւ Եորքէն յատկապէս հրաւիրուած փրոֆ. Այտա Էրպալ, որ քաղաքագէտ ու դասախօս է Նիւ Եորքի համալսարանին մէջ, Միջինարեւելեան քաղաքականութիւն դասանիւթին։ Փրոֆ. Էրպալ նաեւ հեղինակ է գիրքերու եւ կարճ շարժապատկերներու, որոնցմէ քանի մը հատը ցուցադրուած են «Քան»ի կարճ ֆիլմերու բաժինով։ Ան թղթակից է «Ակօս»ին եւ այլ թերթերու՝ Թուրքիոյ, Ֆրանասայի եւ ԱՄ Նահանգներու մէջ։ Հիմնադիր անդամներէն է նաեւ «Ազատ Ալիք»ին։
Դասախօսը «Դար մը Անարդարութիւն…» նիւթով, տեսաերիզի ընկերակցութեամբ մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Թուրքիոյ քաղաքական ու մասնաւորաբար խորհրդարանի զարգացումներուն՝ սկսելով նախացեղասպանութիւն շրջանէն մինչեւ ներկայ օրերս՝ իր ներկայացումը համեմելով մերօրեայ թուրք ղեկավարներու արտայայտութիւններով ու իր ականատեսի վկայութիւններով:
Շրջանի Համազգայինի «Նայիրի» պարախումբը ելոյթ ունեցաւ օրուան խորհուրդը փոխանցող փունջ մը պարերով՝ պարուսոյցներ Քաթրին Հայրապետեանի եւ Արի Լիպարիտեանի ղեկավարութեամբ։
Տաղանդաւոր եւ հանրածանօթ արուեստագէտ Թագուհի Արզումանեան, երաժշտութեան ընկերակցութեամ ներկայացուց երկու ասմունք։
Պոլսահայ միութեան խօսքը փոխանցեց վարչութեան ատենապետ իրաւաբան Էտվին Մինասեան, որ շեշտեց, թէ «Հայ Դատը բոլոր հայութեան դատն է, Ցեղասպանութիւնը փաստուած իրողութիւն է ու արդէն իսկ համաշխարհային ճանաչում ունի նոյնիսկ Թուրքիոյ մէջ. մեր պահանջատիրութիւնը հասած է հատուցում պահանջելու փուլ, ու միայն միասնականութեամբ կարելի պիտի ըլլայ հասնիլ մեր արդար իրաւունքներու ձեռքբերման…»։
Կոմիտէի խօսքը փոխանցեց Քնար Գորթոշեան, որ մասնաւորաբար յիշեցուց, թէ «Հայ Դատն ու Ցեղասպանութիւնը անցեալ չեն, որովհեետւ Սփիւռքը հետեւանք է Ցեղասպանութեան, եւ Ցեղասպանութիւնը տարբեր ձեւերով ու չափերով տակաւին կը շարունակուի. մեր իրաւունքերը չեն սահմանափակուիր 1915ի Իթթիհատական Թուրքերու գործադրած Ցեղասպանութեամբ, այլ, անկէ առաջ կան պատմական Հայաստանի ու Արցախի պատկանող մեր հողերը, մեր մշակութային ժառանգութիւնները, մեր նահատակներու արեան գինը… Հայ Դատը անզիջող է ու տակաւին ամրագրուած կը պահէ «Ազատ, Անկախ ու Միացեալ Հայաստան» առաջադրանքը, որ մերօրեայ քաղաքական շահերու հիման վրայ կատարուած «բարի դրացիութիւն, համերաշխութիւն» պիտակներով չի կրնար հատուցուիլ… Հայ Դատը մեր ժողովուրդի արդարատենչ բազուկն է, որ համապարփակ հասկացողութեամբ, Թուրքիոյ նկատմամբ մեր պահանջատիրութեան կողքին, աշխարհասփիւռ հայութեան նոսրացման դէմ հայապահպանման կողքին՝ կը ներառնէ ներազգային մեր ճակատը, Հայաստանի մէջ ապրող մեր ժողովուրդի քաղաքական, տնտեսական պատմամշակութային քաղաքացիական ու մարդկային իրաւունքերու պաշտպանութիւնը, ու չի հանդուրժեր որեւէ ոտնակոխում, ըլլայ անիկա քուէարկութեան ընտրողական տուփիկներու շուրջ, կամ զանգուածային արտագաղթերու տուն տուող պատճառներու նկատմամբ, թէ կենցաղային ու դասակարգային իրաւազրկումներու մասին»։
Ձեռնարկի եզրափակիչ բաժինը «Ուխտի վերանորոգում»ն էր։ Ծաղկեպսակ մը շալկած՝ բեմ բարձրացան շրջանի երէց ընկերներէն Հայկազ Թրթռեան ու ՀԵԴ «Ս. Վրացեան»ի պատանեկանէն՝ Քրիս Սիմիթեան։ Ծաղկեպսակը զետեղելէ ետք մեր նահատակներու յուշարձանին՝ Ծիծեռնակաբերդի մանրակերտին առջեւ, Հ. Թրթռեան ողջագուրումով մոմավառ լապտեր մը փոխանցեց պատանիին, որ իր կարգին զայն դրաւ յուշարձանին մօտ՝ անխօս հաստատելով, թէ ապագայ սերունդը տէր պիտի կանգնի Հայ Դատին. ապա պատանիներու չորսանդամ խումբ մը, որպէս ուխտ, արտասանեց «Հայրենիքիս Հետ» քերթուածին վերջին բաժինը:
Բեմի ներքեւի բաժինին, ուր տեղադրուած էին նահատակ մտաւորականներու մեծադիր նկարները, երկու սեղաններու վրայ զետեղուած էին աւելի քան 450 ճերմակ երկարացօղուն վարդեր (նուիրուած՝ Designs By Ashley ծաղկավաճառին կողմէ)։ Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ դպրաց դասին կողմէ եւ հանդիսականներու մասնակցութեամբ «Կիլիկիա»ի երգեցողութիւնը փակումը եղաւ ոգեկոչման այս ձեռնարկին, երբ իւրաքանչիւր հանդիսական ճերմակ վարդ մը առնելով մեկնեցաւ՝ հաւատալով, որ իւրաքանչիւր վարդ նահատակի մը հոգին կը ներկայացնէ ու որպէս նահատակներու պատգամ՝ կը մտնէ մեր բնակարաններէն ներս:
(Թղթակցութիւնը՝ «Ռոստոմ» Կոմիտէէն)