
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– «Նիուզ»ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Գաղթականութեան ծառայութեան պետ Գագիկ Եգանեան յայտնած է, որ ծառայութիւնը 2 Մայիսին պիտի հրապարակէ այս տարուան առաջին երեք ամիսներուն Հայաստան ժամանածներուն եւ անկէ մեկնածներուն տուեալները։
Ան նշած է, որ իրենց մօտ եղած տուեալները միեւնոյն են, ինչ որ հրապարակած է Ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը, սակայն աւելի մանրամասնօրէն եւ վերլուծութեան ենթարկուած: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՛ւ տուեալները այսքան ուշ կը հրապարակուին՝ Գագիկ Եգանեան յայտնած է, որ համակարգի փոփոխութեան, ծրագրային խնդիր էր: Տուեալներուն պարզած սարսափելի պատկերին պատճառով զանոնք դիտումնաւոր կերպով ուշ հրապարակելուն առնչութեամբ ակնարկութիւն կատարելով՝ ծառայութեան ղեկավարը նշած է, որ ան, «ով նման բաներ է տարածում, ստեղծագործական միտք ունի, ֆանտաստիկայի ժանրից բաներ է ասում»:
Գագիկ Եգանեանի համաձայն, արտագաղթը մտահոգիչ է, «բայց չենք կարող ասել, որ նախորդ տարիների համեմատ կտրուկ փոփոխութիւններ կան»: Ըստ անոր, այժմ տարեկան 25-30 հազար մարդ կը հեռանայ Հայաստանէն, բայց յստակ տուեալները աւելի ճշգրիտ կը դառնան աշնան: «Միգրացիայի կտրուկ աճ չկայ, կայ կայուն, որոշակի մակարդակի արտագաղթ, արտագաղթ միշտ եղել է եւ կը լինի», յայտնած է ան: Գագիկ Եգանեան դիտել տուած է, որ մեծագոյն արտագաղթը 1992-94 թուականներուն տեղի ունեցած է, երբ 2 տարուան ընթացքին երկիրը կորսնցուցած է 600 հազարի հասնող զանգուած:
Ան դիտել տուած է, որ կառավարութիւնը այնքան մեծ կարեւորութիւն կու տայ այդ խնդիրին, որ պետական պիւտճէէն 13 միլիոն դրամ կը յատկացնէ՝ արտագաղթի տուեալները ուսումնասիրելու համար:
Անդրադառնալով ՀԱԿի պատգամաւորներուն ահագնացող արտագաղթին վերաբերեալ յայտարարութիւններուն՝ Եգանեան դիտել տուած է, որ «դրանք ուղեւորահոսքեր են, պէտք է տարբերել ուղեւորը միգրանտից, եթէ ամէն մի միգրանտ ուղեւոր է, ապա ամէն ուղեւոր չէ, որ միգրանտ է։ Միշտ ասել ենք, որ յեղափոխական, ցնցող փոփոխութիւններ միգրացիայի իրավիճակում մեր տուեալները չեն արտացոլում», յայտնած է ան՝ շեշտելով, որ մէկ սահմանակէտի վիճակով կարելի չէ ամբողջ ուղեւորահոսքի մասին կարծիք կազմել ամբողջ հանրապետութեան տարողութեամբ:
Նշենք, որ վերջերս հայ-վրացական սահմանագիծ այցելած են ՀԱԿի պատգամաւորներ Արամ Մանուկեանը, Հրանտ Բագրատեանը: Վերադարձին անոնք մտահոգութիւն յայտնած եւ խօսած են ահագնացող արտագաղթին մասին: Արամ Մանուկեան յայտնած է, որ օրական 300-400 հայ կ՛անցնի Բագրատաշէնի անցակէտը: