ԵՐԵՒԱՆ, «Փան Արմինիըն».– Հայաստանի Ազգային ժողովը իր 30 Ապրիլին նիստին վաւերացուցած է «Աշխատանքային օրէնսգրքում փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին» օրինագիծը:
Օրինագիծին համահեղինակը Ազգային ժողովի Հանրապետական խմբակցութեան պատգամաւոր Կարինէ Աճէմեանն է, որ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշած է, թէ՝ «աշխատողի աշխատատեղի պահպանման դրոյթը տարածւում է նպատակային արձակուրդի բոլոր տեսակների վրայ, իսկ դա նոր երաշխիք է, որ գործատուն աշխատողին կամայականօրէն չզրկի աշխատանքից: Օրէնքն ապահովագրում է աշխատողին»:
Օրէնքը ի զօրու է նպատակադրուած արձակուրդի հետեւեալ տեսակներու վրայ՝ յղութեան, ծննդաբերութեան արձակուրդ, մինչեւ երեք տարեկան երեխայի խնամքի համար տրուող, ուսումնական, չվճարուող արձակուրդ, պետական ծառայութիւններու ընթացքին տրուող կարճաժամկէտ արձակուրդներ: Այս բոլոր պարագաներուն աշխատողը կը պահէ իր աշխատանքը, բացի եթէ կազմակերպութիւնը լուծարուի:
Օրէնքը ի զօրու է թէ՛ պետական, եւ թէ սեփական ընկերութիւններուն համար։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.