– Հիւսիսային Իրաքի մէջ, Ապրիլ 23ին ապահովական մարմիններու եւ սիւննի ցուցարարներու ու զինեալներու միջեւ ծագած բախումներուն ընթացքին սպաննուեցան առնուազն 25 ցուցարարներ, 13 զինեալներ ու երեք զինուորներ: Ձերբակալուեցան աւելի քան 75 սիւննի ցուցարարներ, որոնք նստացոյցի մը կը մասնակցէին:
– Լիպիոյ մայրաքաղաքին մէջ, ֆրանսական դեսպանատան առջեւ, Ապրիլ 23ին ականուած ինքնաշարժի մը պայթումին հետեւանքով վիրաւորուեցան երկու ֆրանսացի պահակներ եւ լիպիացի աղջնակ մը: Փարիզ դատապարտեց ահաբեկչական այս արարքը եւ պահանջեց, որ Թրիփոլի յարձակումին բոլոր ծալքերը բացայայտէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.