
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– 14 Մարտին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ, հայագէտ, նախիջեւանագէտ Արգամ Այվազեան յայտնած է, որ անհատ խաչքարագործներու նախաձեռնութեամբ Հայաստանի մէջ կը պատրաստուին Հին Ջուղայի աւերուած խաչքարերուն կրկնօրինակները։ Ըստ անոր, Հայաստանի մէջ խաչքարագործութիւնը կը զարգանայ, սակայն նոր խաչքարերը ունին բոլորովին այլ զարդանախշեր, եւ պահպանուած չեն նախապէս եղած ձեւերը: «Խաչքարային արուեստը լաւ ուսումնասիրուած չէ, եւ քիչ են գիտական աշխատութիւններն այդ թեմայով: Ուսումնասիրուած զարդանախշերով այսօր քանդակագործները կրկնօրինակում են Ջուղայի խաչքարերը», նշած է Այվազեանը: Արդէն պատրաստուած է 30-40 խաչքարի կրկնօրինակ:
Խաչքարագործ Վարազդատ Համբարձումեան համոզուած է, որ հարկաւոր է ստեղծել խաչքարագործութեան դպրոց եւ դեռահասներուն սորվեցնել աւանդական այս արուեստը: «Ի վերուստ հայ մարդու մէջ կայ սէրը քարի եւ խաչքարագործութեան նկատմամբ: Այժմ հարկաւոր է աւելի խորացնել գիտելիքները խաչքարագործութեան վերաբերեալ», յայտնած է Համբարձումեան: Ան նշած է, որ կան շարք մը խաչքարագործներ, սակայն անոնց թիւը պէտք է բազմանայ: