ԼԱՍ ՎԵԿԱՍ.- Միացեալ Նահանգներու մէջ ամենաարագ աճող հայկական համայնքներէն մէկը հանդիսացող Լաս Վեկասի հայութիւնը Կիրակի, Փետրուար 24ին հիւրընկալեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները՝ անոնց հետ քննելով այս տարուան ընթացքին Հայ Դատին դիմագրաւած մարտահրաւէրներն ու կարելիութիւնները:
Ս. Կարապետ Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ սրահին մէջ կայացած համայնքային սոյն քննարկումին ընթացքին ելոյթներ ունեցան Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Ուիլեըմ Պայրամեան եւ յանձնախումբի արտաքին հարցերու ներկայացուցիչ Թերեզա Երիմեան, ինչպէս նաեւ Լաս Վեկասի համալսարանի դասախօսներէն դոկտ. Միշել Թուսան:
Հաւաքը առիթ մը հանդիսացաւ Հայ Դատի ներկայացուցիչներուն, որ յանձնախումբի նորագոյն գործունէութեան ու նախաձեռնութեանց մասին տեղեկութիւններ փոխանցեն Լաս Վեկասի հայութեան, իսկ լաս վեկասցիներուն՝ որպէսզի հարցումներ կատարեն ու առաջարկներ ներկայացնեն Հայ Դատի տեղական ու ազգային գործունէութեանց մասին:
«Այս հաւաքը շատ լաւ առիթ մըն էր վերաշխուժացնելու համար համայնքը», յայտարարեց շրջանի Հայ Դատի գործիչներէն Ատրուշան Արմէնեան:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը նման հանդիպումներու նախաձեռնած է նաեւ Այտըհոյի Պոյզի ու Քալիֆորնիոյ Ֆրեզնօ քաղաքներուն մէջ:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել tereza@anca.org հասցէին կամ (818) 500-1918 թիւին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.